image

Խաչէն Ճառագայթող նոր կեանք

Խաչէն Ճառագայթող նոր կեանք

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեանի գրիչէն կը կարդանք՝ 

Խաւարման գիշեր։

Խորհրդաւոր եւ ծանր գիշեր։

Մատնութիւն, չարչարանք եւ դէպի խաչելութիւն։

Աստուածային անսահման սիրոյ դիմաց, անտարբերութիւն մարդուն կողմէ։ Յուդան 30 արծաթի կը մատնէ իր Վարդապետը։

Պետրոս 3 անգամ կ՚ուրանայ իր Տիրրոջ դեր աքաղաղը չկանչած։

Արեգակը կը խաւարի։ Երկիրը կը դղրդայ։ Տաճարին վարագոյրը կը պատռուի։

Երէկ «ովսաննա»ներու օրհներգութեամբ ու փառաբանութեամբ դիմաւորում, այսօր «Խաչը հանէ» աղաղակ նոյն մարդուն կողմէ։

Քրիստոս կը մատնուի, կը չարչարուի, խաչը ուսին դէպի գողգոթա կը ձաղկուի եւ յանուն ինծի եւ քեզի կը պատարագուի որպէս Գառն աստուծոյ։ Ամէն ինչ կ՚աւարտի։

Մենք մեր կեանքի ընթացքին ունինք «դառնութեան բաժակներ»՝ ցաւ, կորուստ, հիւանդութիւն, անարդարութիւն, ատելութիւն եւ վրէժխնդրութիւն։ Գեթսեմանին մեզ կը սորվեցնէ, որ նման պահերուն պէտք է աղօթել եւ զօրանալ։

Խաչը մահուան գործիք ըլլալէ կը դադարի եւ կը դառնայ սիրոյ խորհրդանիշ։

Խաչին առջեւ նոր կեանքի սկիզբ կը դրուի, վերանորոգ կեանքի։

Գողգոթան կը դառնայ սիրոյ գերագոյն զոհողութեան բարձրակէտը։

Առանց խաչի յարութիւն չկայ։ Խաչը ճանապարհ մըն էր դէպի Յարութիւն առաջնորդող։

Մէկ խօսքով խաչը ոչ թէ մահուան խորհրդանիշ է, այլ կեանքի աղբիւր։

Խաւարը կը վերանայ եւ ԼՈՅՍԸ՝ ՔՐԻՍՏՈՍ ԿԸ ՅԱՂԹԷ։

 

Աղօթարար՝


ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ 
ԱռաջնորդԳանատայի Հայոց Թեմի