image

Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին Ղազախ նախարարը ճանապարհներու ապաշրջափակման կարեւորութեան մասին շեշտած է

Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին Ղազախ նախարարը ճանապարհներու ապաշրջափակման կարեւորութեան մասին շեշտած է

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարար Երմեք Քոշերպաեւի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։

Վարչապետը ողջունած է Ղազախստանի ԱԳ նախարարի այցելութիւնը Հայաստան եւ շեշտած երկու երկիրներու միջեւ գործընկերութեան ռազմավարական բնոյթը։ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ վերջին շրջանին տեղի ունեցող երկկողմ բարձր մակարդակի փոխայցելութիւնները նոր խթան կը հաղորդեն Հայաստան–Ղազախստան բազմակողմ համագործակցութեան զարգացման, եւ նշած է, որ ասոր մասին կը վկայէ նաեւ երկկողմ յարաբերութիւններու հարուստ օրակարգը։ Միեւնոյն ժամանակ, երկրի ղեկավարը աւելցուցած է, որ շրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացները դրական ազդեցութիւն ունին նաեւ Հայաստանի եւ Ղազախստանի միջեւ համագործակցութեան վրայ, մասնաւորապէս՝ Ատրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Վրաստանի միջոցաւ հաստատուած երկաթուղային հաղորդակցութիւնը նոր խթան կը հաղորդէ առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնման։

Երմեք Քոշերպաեւը նախ վարչապետին փոխանցած է Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւի ջերմ ողջոյնները եւ նշած, որ Հայաստանի գործընկերներուն հետ ունեցած են արդիւնաւէտ քննարկումներ՝ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր հարցերուն շուրջ։ Ղազախստանի ԱԳ նախարարը համոզում յայտնած է, որ հաստատուած երկաթուղային հաղորդակցութիւնը էականօրէն պիտի ընդլայնէ երկկողմ առեւտրատնտեսական կապերը։ Միեւնոյն ժամանակ, Երմեք Քոշերպաեւը կարեւոր նկատած է շրջանին մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակումը եւ շեշտած Ղազախստանի աջակցութիւնը TRIPP եւ ՀՀ Կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրներուն։ Ան ընդգծած է, որ Ղազախստանը եւս շահագրգիռ է նշուած ծրագիրներու իրագործմամբ եւ շրջանի առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնմամբ։

Նիկոլ Փաշինեան եւ Երմեք Քոշերպաեւ քննարկած են ենթակառուցուածքներու, շինարարութեան, գիւղատնտեսութեան, օդային հաղորդակցութեան եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն մէջ համագործակցութեան զարգացման վերաբերող հարցեր։ Այդ առումով կարեւոր նկատուած է Հայաստանի եւ Ղազախստանի միջեւ ուղիղ օդային թռիչքներու սկսիլը, որոնք պիտի մեկնարկին մօտ ապագային։

Զրուցակիցները կարեւոր նկատած են նաեւ հայաստանեան գործարարներու պատուիրակութեան մօտ ապագային նախատեսուած այցելութիւնը Ղազախստան, որ եւս նոր խթան պիտի հաղորդէ տնտեսական համագործակցութեան եւ գործարար կապերու զարգացման։