2026 թուականի Ապրիլ 10-12-ին, «Խաղաղութեան կամուրջ» նախաձեռնութեան շրջածիրէն ներս, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, Ատրպէյճանի մէջ տեղի պիտի ունենայ հերթական երկկողմ կլոր սեղանը։
«Խաղաղութեան կամուրջ» նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ խթանել երկխօսութիւնն ու ուղիղ ներգրաւուածութիւնը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու միջեւ։ Այս առիթով հայկական պատուիրակութիւնը Ատրպէյճան հասած է ցամաքային սահմանով՝ անցնելով պաշտօնապէս սահմանազատուած եւ սահմանագծուած հատուածով, հետեւելով սահմանային եւ անձնագրային վերահսկողութեան բոլոր համապատասխան ընթացակարգերուն։
Քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու միջեւ երկխօսութիւնը կ՚ընթանայ 2025 թուականի Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարներու եռակողմ գագաթնաժողովին հաստատուած երկկողմ խաղաղութեան օրակարգին շրջածիրէն ներս։
Հանդիպման օրակարգը կը ներառէ քննարկումներ խաղաղութեան գործընթացի ներկայ վիճակին, «Խաղաղութեան կամուրջ» նախաձեռնութեան մասնակիցներու կողմէ իրենց երկիրներուն մէջ իրականացուած գործողութիւններուն եւ անոնց արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ՝ տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ։
Առանձին նիստեր պիտի նուիրուին հանրային շրջանակներու մէջ խաղաղութեան առաջխաղացման ուղղուած ջանքերուն եւ խաղաղութեան գործընթացի յաջորդ փուլերուն վստահութեան մակարդակի բարձրացման։
Հայաստանեան կողմի մասնակիցներն են․
1.Արեգ Քոչինեան – «Հայկական խորհուրդ» վերլուծական կեդրոնի նախագահ, համակարգող
2.Բորիս Նաւասարդեան – Երեւանի մամուլի ակումբի պատուաւոր նախագահ
3.Նայիրա Սուլթանեան – Ժողովրդավարութեան զարգացման հիմնադրամի տնօրէն
4.Նարեկ Մինասեան – «Հայկական խորհուրդ» վերլուծական կեդրոնի առնչացուած փորձագէտ
5.Սամուէլ Մելիքսէթեան – «Հայկական խորհուրդ» վերլուծական կեդրոնի փորձագէտ
6.Ստեփան Գրիգորեան – Համաշխարհայնացման եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան վերլուծական կեդրոնի խորհուրդի նախագահ
7.Էդգար Վարդանեան – «Հայկական խորհուրդ» վերլուծական կեդրոնի առնչացուած փորձագէտ
8.Ռոպերթ Ղեւոնդեան – «Հայկական խորհուրդ» վերլուծական կեդրոնի փորձագէտ
9.Լուսինէ Խառատեան – Գրող, մշակութային մարդաբան
10.Նելլի Մինասեան – Պատմական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ, թրքագէտ
11.Դաւիթ Ստեփանեան – 1in.am-ի քաղաքական մեկնաբան, Միջազգային եւ անվտանգութեան հարցերու հայկական հիմնարկ փորձագէտ
12.Ռուբէն Բաբայեան – Երեւանի տիկնիկային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար
13.Էլեոնորա Սարգսեան – Խաղաղութեան եւ սեռային հարցերու փորձագէտ, երիտասարդական աշխատող
14.Նայիրա Մարտիկեան – JAMnews-ի հայաստանեան գրասենեակի խմբագիր եւ տնօրէն
15.Վազգէն Կարապետեան – «Եւրասիա համագործակցութիւն» հիմնադրամի ծրագրերու ղեկավար
16.Տաթեւ Դանիէլեան – Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան քաղաքական հաղորդումներու գլխաւոր խմբագիր եւ հաղորդավար
17.Արմէն Պետրոսեան – «Օրբելի» կեդրոնի տարածաշրջանային քաղաքականութեան փորձագէտ
18.Ալեն Ամիրխանեան – Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի (ՀԱՀ) «Յակոբեան» բնապահպանական կեդրոնի տնօրէն
19.Նելլի Ռաֆայէլեան – Մետիա նախաձեռնութիւններու կեդրոնի լրագրող
20.Հանրային հեռուստաընկերութեան գործավար