image

Լիբանանեան երկու դրամատուներ «զոհ» իրաքեան մաֆիաներու. Shark al awsat*

Լիբանանեան երկու դրամատուներ «զոհ» իրաքեան մաֆիաներու. Shark al awsat*

Լիբանանեան դրամատուներու միութիւնը մամլոյ ասուլիս մը հրաւիրած է, ուր քննարկուած է իրաքեան աւազակախումբերու կողմէ լիբանանեան դրամատուներու թողարկած փաստաթուղթերը կեղծելու հարցը:

Լիբանանեան «Միջին Արեւելք» թերթին փոխանցմամբ, լիբանանեան երկու դրամատուներ եւս ենթարկուած են իրաքեան աւազակախումբերու կողմէ թալանուելու վտանգին: Թերթը յիշել տուած է, որ նման դէպք տեղի ունեցած էր 2001 թուականին, երբ իրաքցիներ փորձած էին 800 միլիոն տոլարի գողութիւն կատարել Աուտէ դրամատունէն:

Մանրամասներուն անդրադառնալով թերթը յայտնած է, որ Իրաքի քաղաքացի մը դիմած է Լիբանանի խոշոր դրամատուներէն մէկուն, պնդելով, որ ինք 1999 թուականէն հաշիւ բացած է յիշեալ դրամատան մօտ, պահանջելով իր կողմէ որպէս աւանդ ներդրուած 400 միլիոն տոլար գումարն իր տոկոսներով, սակայն երբ դրամատունը մերժած է իրաքցիին պահանջը բաւարարել, վերջինս նշուած գումարը տրամադրելու հրաման ձեռք բերած է դատարանէն:

Աղբիւրին համաձայն, դրամատունը որեւէ իրաւական քայլեր չէ ձեռնարկած իրաքցիին նկատմամբ, որովհետեւ վերջինս կեղծ փաստաթուղթեր չէ ներկայացուցած, սակայն ներկայիս քննութիւն կը կատարուի, պարզաբանելու համար դատարանի կողմէ հրապարակուած հրամանի հիմքերն ու դրդապատճառները:

 

 

*Shark   al  awsat, Լոնտոն  հրապարակուող  պարբերական. Բառացի  իմաստը ՝ «Միջին Արեւելք»