Հայաստանի առեւտրային դրամատուները 2024-ի առաջին կիսամեակին գրանցած են 172 միլիառ դրամի զուտ շահոյթ՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ 21%-ով աւելի։
Ինչպէս յայտնած է Modex խորհրդատուական ընկերութիւնը, ամենամեծ շահոյթը գրանցած է «Արդշինբանկը»՝ ապահովելով 50 միլիառ դրամի զուտ շահոյթ, որ 11,8 միլիառ դրամով աւելի է նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշէն:
Երկրորդ տեղը «Ամերիաբանկ»-ն է՝ 27,3 միլիառ դրամ շահոյթով: «Ամերիաբանկ»-ն առաջին կիսամեակին 5,7 միլիառ դրամ աւելի վաստակած է, քան նախորդ տարի:
15,4 միլիառ դրամ շահոյթով երրորդ տեղը «Ինեկոբանկ»ն է։ Դրամատունը նախորդ տարուան ցուցանիշի համեմատ 2,6 միլիառ դրամ աւելի եկամուտ ապահոված է։
Հետազոտութեան համաձայն՝ բոլոր դրամատուները աշխատած են շահոյթով։ Սակայն չորս դրամատուներ, այդ շարքին՝ «Հայէկոնոմբանկ»ը, «Էյչ-Էս-Բի-Սի»-ն, որ վերջերս յայտատարեց Հայաստանէն հեռանալու մասին, «Արցախբանկ»ը եւ «Բիբլոս բանկ»ը, գրանցած են զուտ շահոյթի նուազում: