Ազգային ժողովը դեկտեմբեր 22-ին արտահերթ նիստին քննարկած է 2023-ի պետական պիւտճէի օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին նախագիծը։
Ֆինանսներու նախարար Վահէ Յովհաննիսեանը, որ կը ներկայացնէր նախագիծը, յայտնած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան եւ վերջինիս ստեղծած հիմնադրամներու, Լեռնային Ղարաբաղի իրաւաբանական եւ ֆիզիքական անձանց վերակառուցման ենթակայ պարտաւորութիւնները (պարտատոմսեր եւ վարկեր) ՀՀ ֆինանսադրամատնային համակարգի հանդէպ 2023-ի դեկտեմբեր 29-ի դրութեամբ կը կազմեն շուրջ 315 միլիառ դրամ, որոնց գերակշիռ մասի սպասարկումը (մայր գումարի եւ տոկոսավճարներու մարումները) Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած անհնար դարձած է:
«Նշուածն առաջ է բերում մի շարք բացասական ռիսկեր, մասնաւորապէս՝ ՀՀ ֆինանսաբանկային համակարգի կապիտալի էական կորուստներ եւ ֆինանսական կայունութեան խաթարում, ֆինանսական ցուցանիշների եւ բանկերի վարկանիշների էական վատթարացում, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան առանձին խմբերի վարկունակութեան էական վատթարացում ստեղծուած սոցիալական ծանր պայմաններում»,- նշած է ան։
Ըստ ֆինանսներու նախարարի՝ փոփոխութեամբ կը նախատեսուի նշուած պարտաւորութիւններու վերջնական չափը բաշխել ՀՀ կառավարութեան եւ ֆինանսական կազմակերպութիւններու միջեւ՝ համապատասխանաբար 70% եւ 30% համամասնութեամբ:
Ընդ որում, ՀՀ կառավարութեան կողմէ պարտաւորութիւններու ստանձնուող 70% չափի մասով գործադիրը պիտի թողարկէ պետական գանձապետական պարտատոմսեր՝ ձեռք բերելով վերակառուցուող ամբողջ պարտաւորութիւններու նկատմամբ պահանջի իրաւունքը:
Նախարարն ըսած է, որ չափանիշերու վերջնական եւ ամբողջական ցանկը պիտի սահմանուի ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ: Անոր խօսքով՝ կառավարութեան մասնակցութիւնը նախնական քննարկուած եւ վերը նշուած չափանիշերով պիտի ըլլայ առաւելագոյնը 225 միլիառ դրամ: