«Եոլճու» թատերախումբի «Կոմիտաս» մենախաղը իւրայատուկ ճամբորդութիւն մը ունեցած է, որ սկսած է 2020ին։ Հինգ տարիներու ընթացքին բեմագիր Ահմէտ Սամի Օզպուտաքի «Կոմիտաս» մենախաղը բեմ բարձրացած է երեք երկիրներու եւ ինը քաղաքներու մէջ։ Բեմադրուած են հարիւրաւոր ներկայացումներ, եւ օրերս այն Պոլսոյ մէջ հանդէս եկած է իր վերջին ներկայացումով։
«Կոմիտաս»ը արժանացած է բազմաթիւ կարեւոր մրցանակներու, այդ կարգին՝ «Աֆիֆէ Ժալէ» մրցանակին։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
«Եոլճու» թատերախումբի «Կոմիտաս» մենախաղը իւրայատուկ ճամբորդութիւն մըն էր որ սկսաւ 2020ին։ Բեմագիր Ահմէտ Սամի Օզպուտաք, իր իւրայատուկ բանաստեղծական ոճով, Կոմիտասի բեկբեկուն եւ խորունկ հոգին միացուց բառերուն հետ, եւ ստեղծուեցաւ տպաւորիչ գրութիւն մը։
Կոմիտասի դերակատար՝ Ֆեհմի Գարաարսլան բեմին վրայ ո՛չ միայն խաղաց Կոմիտասը, այլեւ ձուլուեցաւ անոր հետ, դարձաւ մէկը անոր հետ։ Օզպուտաք դարձեալ բեմադրիչի աթոռին էր, եւ երբ բեմագրութիւնը (սենարիոն) համադրուեցաւ Էրսին Ումութ Կիւլերի ստեղծագործական ղեկավարութեան հետ, յայտնուեցաւ անսովոր թատերական լեզու մը։ Կոմիտասը այլեւս պարզապէս խորհրդանիշ մը չէր, այլ բեմին վրայ ձեռք բերած էր բոլորովին նոր իմաստ մը՝ աւանդական պատմութիւններէն անդին։
Յակոբ Մամիկոնեանի ղեկավարութեամբ «Լուսաւորիչ» երգչախումբը ձայն տուաւ Կոմիտասի հոգիին, ան շունչ առաւ երգչախումբի երաժշտութեան մէջ։
Այս արկածախնդրութեան ընթացքին, որ տեւեց ուղիղ հինգ տարի, «Կոմիտաս» մենախաղը բեմ բարձրացաւ երեք երկիրներու եւ ինը քաղաքներու մէջ։ Բեմադրուեցան հարիւրաւոր ներկայացումներ, խաղը հասաւ հազարաւոր հանդիսատեսներու։ «Կոմիտաս»ը արժանացաւ բազմաթիւ կարեւոր մրցանակներու, այդ կարգին՝ «Աֆիֆէ Ժալէ» մրցանակին։
Շնորհիւ 50 հոգիէ բաղկացեալ հսկայական խումբի մը, որոնք բեմի վրայ ու բեմի ետին ի սպաս դրին իրենց ժամանակն ու ճիգերը, Կոմիտասի գրառումները, պատմութիւնները եւ հետքերը հասան տարբեր մշակոյթներու հանդիսատեսներուն։ Անոնք ծափահարուեցան, անոնց մասին գրուեցաւ, խօսուեցաւ...
Կիրակի, 11 Մայիսին, հրաժեշտի օրն էր։
Կոմիտասը «ձեռնուեցաւ» իր հանդիսատեսին՝ վերջին ներկայացումով մը, որ տեղի ունեցաւ Քօզեաթաղը մշակոյթի կեդրոնին մէջ։
«Պիր Զամանլար» հրատարակչատունը, որ այս հնգամեայ ճամբորդութեան ընթացքին «Եոլճու»ի ու «Կոմիտաս»ի հետ էր, վերջին ներկայացման օրը համեստ ներդրում մը եւս ունեցաւ։ Մշակոյթի նախասրահին մէջ բացուեցաւ «Պիր Զամանլար»ի գիրքերու ցուցադրութիւնը, ներկայացուեցան «Եատիկեար» շարքի յուշանուէրները։