image

Ընթացք առաւ Հռոմի Պապի ամենաերկար հովուական ճամբորդութիւնը. Ուղղութիւնը՝ դէպի Ասիա

Ընթացք առաւ Հռոմի Պապի ամենաերկար հովուական ճամբորդութիւնը. Ուղղութիւնը՝ դէպի Ասիա

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը 13 ժամ տեւած թռիչքէն յետոյ ժամանած է Ինտոնեզիա: Պապի օդանաւը վայրէջք կատարած է մայրաքաղաք Ճաքարթայի մէջ:

Ինչպէս գրած է Vatican News-ը, ասիկա Պապի 45-րդ առաքելական ճանապարհորդութիւնն է արտասահման եւ պիտի ըլլայ անոր հովուապետութեան ընթացքին ամենաերկարը:

Հռոմի պապը 12-օրեայ այցի ծիրէն ներս պիտի այցելէ Ինտոնեզիա, Փափուա Նոր Կինէա, Արեւելեան Թիմոր եւ Սինկափուր: