Ի զուր տեղը չէ ըսուած, որ մարդ արարածը յետ մահու իր թողած բարի յիշատակներովը կ՚ապրի... ու որքան երախտապարտ ըլլալու եմ հօրս՝ Թուճճար պապուկին, իր ձգած հսկայական բարոյական ժառանգութեան համար, որ գրեթէ ամէն օր կը փոխանցուի ինծի հարազատի մը, բարեկամի մը կամ նոյնիսկ ինծի անծանօթ անձնաւորութեան մը կողմէ իբրեւ յարգանքի զգացում կամ գնահատանք անոր արժանի զաւակը ըլլալու...
Սիրելի ամուսին էր հայրս... Մանիշակը՝ մայրս, իր սրտի ակն էր...
Պատուախնդիր ու գորովագութ հայր ու մեծ հայր էր....
Անկեղծ ընկեր, անշահախնդիր բարեկամ, կամաւոր ու միշտ դրական տրամադրուած շրջանակած էր հոգեւորականն ու աշխարհականը տարեկիցն ու երիտասարդը, ուսուցիչը, պատանին ու աշակերտը ...
ՄուսաԼեռը իր հոգիին խռովքն էր....
Այնճարը՝ իր յոյզերուն ու ապրումներուն իւղ լեցնող անմար կանթեղը...
Հայաստանը Ազատ ու Միացեալ տեսնելը՝
Իր հաւատոյ հանգանակը....
Աւանդապաշտ էր ու նահապետական...
Հայրենասէր ու ազգային...
Կեանքը որքան որ ալ դաժան եղած էր իր (եւ իր սերնդակիցներուն) հանդէպ զրկելով զինք (զիրենք) իրենց պատմական հողերէն, անհոգ մանկութենէն եւ ընդհանրապէս բարեկեցիկ կեանքի պայմաններէն Թուճճար պապուկը յաջողած էր իր ապրած դաժան բայց օրհնուած կեանքով ՝բարի, անմոռանալի ու յիշարժան գործերով անմահանալ՝ մեր սրտի տոմարներուն մէջ ոսկի տառերով արձանագրելով Սարգիս Այնթապլեան՝ (Թուճճար Պապուկ) խորախորհուր եւ նուիրական անունը...
«Յիշատակն արդարոց օրհնությամբ եղիցի...»: