Շուտով ականատես կ'ըլլանք, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ լարուածութիւնը կը կրէ երկարաժամկէտ բնոյթ, արդեօք Ուաշինկթընը պատժամիջոցներ կը սահմանէ Անգարայի դէմ՝ Էրտողանը հեռացնելու նպատակով, թէ հակառակը՝ կը սատարէ անոր։ Այս մասին NEWS․am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող «Ազդակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան։
Ան յիշեցուցած է, որ Թուրքիան կը գտնուի կարեւոր քաղաքական իրադարձութիւններու՝ նախագահական ընտրութիւններու նախաշեմին, եւ ատոր լոյսին տակ բուռն կերպով կը քննարկուի Թուրքիոյ հետագայ ուղին՝ Էրտողանի հետ կամ առանց անոր։
Գանտահարեան առանցքային պահ համարած է Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ լարուածութիւնը։ Ամենաթէժ հարցերն են ՆԱԹՕ-ին Շուէտի եւ Ֆինլանտայի անդամակցութեան շուրջ քննարկումները եւ Թուրքիոյ վեթօն։ Բացի այդ, Թուրքիան ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունի տարածաշրջանային հարցերուն մէջ՝ Ուքրանիոյ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով՝ ՆԱԹՕ-ի երկիրներու կողմէ Ռուսիոյ շրջափակման տեսանկիւնէ։
Միեւնոյն ժամանակ, Ռուսիոյ մեկուսացման քաղաքականութեան լոյսին տակ կը նկատուի Մոսկուայի եւ Անգարայի մերձեցումը։ Այս բոլոր հանգամանքները կապուած են Թուրքիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւններու հետ, որ ցնցումներու բախած է ոչ միայն երկրաշարժի, այլեւ աշխարհաքաղաքականութեան հետեւանքով։ Աշխարհաքաղաքական ցնցումներ կրնան առաջանալ։
Անոր գնահատմամբ՝ շատ կարեւոր նշանակութիւն կ'ունենայ երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման աշխատանքներու արդիւնաւէտութիւնը. այս հարցով յաջողութիւնը կամ ձախողումը հզօր ազդեցութիւն պիտի ունենան ընտրութիւններու արդիւնքներու վրայ:
«Կարելի չէ մոռնալ նաեւ մէկ այլ գործօն՝ տնտեսական ճգնաժամը, որ ծագած է դեռ տարերային աղէտէն առաջ։ Իսկ հիմա ատոր կը գումարուին նաեւ երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման բազմամիլիառանոց ծախսերը։ Թուրքիոյ մէջ տնտեսական ճգնաժամի խորացումը նոյնպէս լուրջ ազդեցութիւն պիտի ունենայ ընտրութիւններու վրայ»,-նշած է Գանտահարեան։
Ան կը կարծէ, որ Թուրքիոյ հիմնական ծրագրերը, այդ շարքին՝ Հայաստանի դէմ, չեն փոխուիր։
Անոր համոզմամբ՝ ներկայիս նկատուող գործընթացները, ներառեալ՝ մարդասիրական օգնութեան տեղափոխումը Մարգարայի կամուրջով, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, որեւէ էական բան չեն փոխեր։
Գանտահարեան յիշեցուցած է, որ դեռ ամիսներ առաջ պայմանաւորուածութիւն կար բանալ սահմանները երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անձնագիր ունեցողներու համար, սակայն այդ պայմանաւորուածութիւնները դեռ կեանքի չեն կոչուած, ամէն ինչ շատ դանդաղ կ'ընթանայ։
«Երկրաշարժի հետ կապուած շատ գործընթացներ կը կրեն նաեւ քաղաքական բնոյթ։ Մէկ կողմէ Թուրքիան կ'ընդունի Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը եւ օգնութիւն կը ստանայ երկրէ մը, որուն Անգարան ամիսներ առաջ սպառնացած էր ցեղասպանութեամբ։ Միւս կողմէ, Անվարան կը հրաժարի Կիպրոսի օգնութենէն։ Այնպէս որ, ամէն ինչ պայմանաւորուած է քաղաքական հաշուարկներով»,-եզրափակած է ան։