image

Կարօ Փայլան «Սուրուճի Ահաբեկչական Պայթումին Թիրախը Քոպանիի Հետ Զօրակցութիւնն էր»

Կարօ Փայլան   «Սուրուճի   Ահաբեկչական Պայթումին Թիրախը Քոպանիի Հետ  Զօրակցութիւնն էր»

Թուրքիա- Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամ Կարօ Փայլան  (HDP)            Սուրուճի մէջ տեղի ունեցած պայթումին  վերաբերեալ  խօսած է «Ակօս»ին : Ան  ըսած է, որ  տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքը նախ եւ առաջ թիրախ ընտրած է    Քոպաննի հետ զօրակցութեան արշաւը: Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ Սուրուճի մէջ հաւաքուածները  նպատակ ունէին     գործնական զօրակցութիւն ցոյց տալ   Քոպանիին: Փայլան, որ պայթումին առընթեր քննադատած է իշխանութիւնները նկատել տուած է, որ նման   ահաբեկչական  գործողութիւններ սպասելի են   տրուած ըլլալով, որ  Թուրքիոյ իշխանութիւնները մինչեւ այս պահը  ISIS-ին դէմ յստակ դիրքորոշումով հանդէս չեն եկած: Ըստ Փայլանի      անհնար է, որ Թուրքիոյ գաղտնի  ծառայութիւնները տեղեակ չըլլային Սուրուճի պայթումէն: