Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը մեկնաբանած է Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը, ուր կը շարունակուի Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող ահաբեկչական խմբաւորումներու յարձակումը բանակի դէմ, գրած է «Անատոլու» գործակալութիւնը:
«Իտլիպ, Համա, Հոմս եւ թիրախը, ի հարկէ, Դամասկոսն է։ Սուրիոյ մէջ ընդդիմութեան (ահաբեկիչներու-Խմբ.) երթը կը շարունակուի: Մենք յոյսով ենք, որ այդ տեղի պիտի ունենայ առանց ցնցումներու եւ աղէտներու»,- մասնաւորապէս ըսած է Թուրքիոյ ղեկավարը։
Ան յիշեցուցած է, որ Անգարան դիմած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին՝ համատեղ քննարկելու Սուրիոյ մէջ կարգաւորման հեռանկարները, սակայն դրական պատասխան չէ ստացած։
«Մենք դիմեր ենք Ասատին՝ միասին որոշելու Սուրիոյ ապագան։ Ցաւօք, այս կոչին դրական արձագանգ չեղաւ»,- ըսած է Էրտողանը։