Թուրքիա- Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամ Կարօ Փայլան (HDP) Սուրուճի մէջ տեղի ունեցած պայթումին վերաբերեալ խօսած է «Ակօս»ին : Ան ըսած է, որ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքը նախ եւ առաջ թիրախ ընտրած է Քոպաննի հետ զօրակցութեան արշաւը: Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ Սուրուճի մէջ հաւաքուածները նպատակ ունէին գործնական զօրակցութիւն ցոյց տալ Քոպանիին: Փայլան, որ պայթումին առընթեր քննադատած է իշխանութիւնները նկատել տուած է, որ նման ահաբեկչական գործողութիւններ սպասելի են տրուած ըլլալով, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները մինչեւ այս պահը ISIS-ին դէմ յստակ դիրքորոշումով հանդէս չեն եկած: Ըստ Փայլանի անհնար է, որ Թուրքիոյ գաղտնի ծառայութիւնները տեղեակ չըլլային Սուրուճի պայթումէն: