image

Արաբական Ծոցի երկիրները` խեղճացած

Արաբական Ծոցի երկիրները` խեղճացած

Տասնեակ տարիներու ընթացքին Արաբական ծոցի երկիրները թրիլիոն տոլարներ ծախսեցին իրենց պաշտպանութեան, անվտանգութեան ու անձեռնմխելիութեան համար երաշխիքներ ապահովելու: Միացեալ Նահանգներու յաջորդական նախագահներու պատուին նուէրներ տուած երկիրները յանկարծ իրենք զիրենք խաբուած զգացին:

Իսրայէլի` Տոհայի վրայ յարձակումը ամբողջ աշխարհին, ի մասնաւորի Ծոցի արաբական «հզօր» պետութիւններուն պատգամ է, որ եթէ ուզեն, եւ երբ որ ուզեն կրնան հասնիլ իրենց թիրախին, եւ ոչինչ կրնայ արգիլել զիրենք` այդ ալ վայելելով զօրակցութիւնը Միացեալ Նահանգներուն:

Պատահարը սովորական բան մը չէ, եւ բնականաբար բոլորն ալ լաւապէս հասկցան, որ իրենց պաշտպանութեան համակարգը պարզապէս ներքին թշնամիներուն համար է, բուն եւ իսկական թշնամիին համար գործածելը արգիլուած է:

Արաբական ծոցի երկիրները պարզապէս խեղճացած են: Ո՛չ իրենց` Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը, ո՛չ պաշտպանութեան համակարգը, ոչ ալ իրենց տնտեսական հզօրութիւնը արժէք ունին:

Բարոյապէս բռնաբարուած են: Երկրին, աւելի ճիշդ` արաբական երկիրներուն անվտանգութիւնը հարցականի տակ է: Խաբուած են եւ այդ ալ` մեծ ծաւալով: Հարցը պաղեստինեան, Համասի կամ այլ օրակարգեր չեն: Հարցը այսօր այն է, թէ յարձակումը ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս պատահեցաւ:

Իսրայէլի համար փաստօրէն ոչ մէկ արգելք կայ իր ծրագիրները յաջողցնելու: Իսրայէլ աշխարհի միակ անձեռնմխելի պետութիւնն է:

Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը նոյնիսկ անզօր է հաւաքաբար իր բոլոր պետութիւններով Իսրայէլի ծրագիրներուն եւ յարձակումներուն դէմ դնելու:

Այս պայմաններուն մէջ արաբական, ափրիկեան, իսլամական թէ այլ գերաստիճաններ մեծ նորութիւններ պիտի չբերեն` բացի դատապարտումէ, տնտեսական համաձայնագիրներու ջնջումէ կամ դեսպանատուներու փակումէ:

Այնքան ատեն որ Միացեալ Նահանգները գլխաւոր հովանաւորն են Իսրայէլի, Միջին Արեւելքի լուծումները միշտ ի նպաստ Իսրայէլի պիտի ըլլան:

Մէկ կողմէ խաղաղութիւնները հովանաւորող, միւս կողմէ` ջարդի ու տեղահանութեան զօրակցող Միացեալ Նահանգները պէտք է գիտնան, որ ժողովուրդներու կամքը այսպէս ոտնակոխելով, ճզմելով, տնտեսական եւ այլ ճնշումներ բանեցնելով` միշտ ալ մնայուն եւ իրենց ի նպաստ արդիւնքներու չեն հասնիր:

Նման յաջողութիւններ ժամանակաւոր կ՛ըլլան: Նման ձեռքբերումներ շուտ փուլ կու գան: Պատմութիւնը վկայ է այս բոլորին:

 

Յակոբ Լատոյեան
«Ազդակ»