Օրինակ մը տալով նշեմ, որ մինչեւ օրս յաղթանակի եւ յաղթութեան խորհրդանիշ հանդիսացող եգիպտացի մեծ առաջնորդ Ժամմալ Ապտըլ Նասէրի կերպարը աղարտել կը փորձուի հանրութեան «պատմելով», որ ան իր մահէն առաջ արդէն իսկ հրաժարած էր «Զինեալ պայքար»ի գաղափարէն։
Ասոր դիմաց միւս ճամբարի հանրութիւնը կը շարունակէ կառչած մնալ «Հըզպալլա»ի առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլայի կերպարին, որ կը խորհրդանիշն է «Յարատեւ պայքար»ի ու այդ կռիւը անգամ մահուընէ անդին առաջ տանելու մօտեցումին։
Այս բոլորը անշուշտ կը զառնուին Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի մօտեցումներուն, որ կը շարունակէ ամէն օր «մատաղ» դարձնել պաղեստինցի անզէն ժողովուրդը...։
Հիմա արաբները բաւարար ժամանակ չունին հասկնալու կամ վերակարդալու իրենց կեցուածքները, յստակ է միայն, որ ինչպէս բոլոր «խաղեր»ուն մէջ այս պարագային ալ մեծագոյն զոհն ու զոհերը խաղի կանոնները չհասկցողներն են նման «Համաս» շարժումին, որ մեծագոյն պատասխանատուն (Նաթանիահուի կողքին) պիտի համարուի Պաղեստինցի անմեղ ժողովուրդի ողջակիզման։
Լիբանան դէպի նոր պատերա՞զմ
Լիբանանի մէջ օրըստօրէ թէժացող խօսոյթը լաւ բան չի յուշեր։ Խօսքն անշուշտ մէկ կողմէ (մօտիկ անցեալին երկրին ղեկը իր ձեռքերուն մէջ առած) «Հըզպուլլահ»ի եւ միւս կողմէ ալ քաղաքական միւս ենթաշերտին միջեւ ծաւալած «վիճաբանութեան» մասին է, որ ունի խորունկ արմատներ։ Լիբանանի ներքին խնդիրներու մասին տեղեկացուած հանրութեան համար բնաւ զարմանլի չէ անշուշտ, որ Լիբանանն այսօր ունի անդր-կրօնական բաժանում մը, որ հետեւանք է անցնող քսան-քսանհինգ տարուան ընթացքին գրանցուած եւ բաւականին թէժ զարգացումներուն։
Այդ առումով անկիւնադարձ պէտք է սեպել Լիբանանի սիւննի վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան դէպքը, որ եղաւ «հիմնաքար»ը այդ բաժանումին։
Մէկ կողմէ Սէուտական Արաբիան եւ միւս կողմէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը կը համարուի այս ներքին պայքարին երկու հիմնական պարագլուխները։
Զարմանալի է անշուշտ, որ դաւանական հակամարտութեան կիզակէտին յայտնուած այդ երկու տէրութիւնները այսօր իրար հետ լեզու գտնելու համոզիչ փորձեր կ՚ընեն, բայց եւ այնպէս Լիբանանի եւ շրջանային այլ տէրութեանց վրայ անոնց ունեցած ազդեցութիւնները կը շարունակուին նոյն թէժութեամբ եւ իրերամերժութեամբ։
Լիբանանի մէջ «Հիզպուլլահ»ի հովանաւորը Իրանն է, որ մասնաւորապէս վերջին պատերազմէն ետք կը փորձէ ընդունիլ եղած պարտութիւնը եւ փորձել խաղի նոր կանոններով մասնակցիլ ընթացող գործընթացներուն։
Նոյնը չենք կրնար ըսել «Հիզպուլլահ»ին մասին, որ տակաւին պատրաստ չէ ընդունելու կամ «մարսելու» եղած պարտութիւնը եւ կը շարունակէ իր պայքարը որդեգրելով նոր կանոններ։
«Հիզպուլլահ»ի դէմ պայքարի դուրս եկած սիւննի ու նաեւ քրիստոնեայ խմբաւորումները կը հաւատան այն հին սկզբունքին, որ ուժեղ պետութիւն մը կերտելու սկզբունքն է։ Ու այդ պետութեան մէջ, որեւէ միաւոր, ըլլայ ներքին կամ արտաքին իրաւունք պիտի չունենայ զէնք-զինամթերք ունենալու։
Ի դէպ երբ Լիբանանի մէջ առկայ ապօրինի զէնքի հարցը նորութիւն մը չէ. Խնդիրը, ինչպէս վերը նշեցի ունի արմատներ եւ արձանագրուած նախապատմութիւն։ Բոլորին համար այսօր բացայայտ է, որ մինչեւ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանին դէմ եղած վերջին պատերազմին աւարտը ( Պատերազմը ընթացք առաւ1 հոկտեմբեր 2024-ին եւ աւարտեցաւ 27 նոյեմբեր 2024 -ին) nov , ոչ ոք կրնար այս նիւթին մասին «հանգիստ» կերպով խօսիլ։ Ճիշդ է խօսոյթը կար, «Հիզպուլլահ»ի հակադիր կողմին համար քաղաքական կողմերուն համար այդ հարցը «մահ ու կենաց» հարց մըն էր, բայց խօսոյթ ըլլալէ անդին, ոչ մէկ կերպ կը համարուէր «իրականալի» հիմնահարց մը։
Եւ այսօր, երբ շիիթ կազմակերպութիւնը յայտնուած է բաւականին վիրաւոր եւ ընկճուած վիճակի մը մէջ, հասարակութեան ու քաղաքական շրջանակներու գրեթէ մեծամասնութեան համար «Ապօրինի զէնք»ի հարցը դարձած է տիրական ներկայութիւն։ Աւելի ճիշդը, ոչ թէ զէնքի հարցն է, որ դարձած է տիրական ներկայութիւն, այլ այդ զէնքի «զէզոքացման» հարցն է, որ դրուած է իբրեւ նախապայման։
Նախապայման արեւմտեան պլոքին համար, Արաբական Ծոցի երկիրներուն, բայց մանաւանդ Թրամփի վարչամեքենային համար, որ «Հիզպուլլահ»ի զուտ քաղաքական միաւորի վերածուիլը կը համարէ կարեւորագոյն օրակարգ։
Ի հարկէ միջազգային հանրութեան այս խօսոյթը պէտք է փոխառնչել Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ամբողջական խաղաղութիւն կերտելու մօտեցման հետ, որուն կարեւորագոյն կնքահայրն ու տէրը կը համարուին ԱՄՆ նախագահ Թրամփն ու վերջինիս փեսան՝ Ճարիտ Քուշնէրը։
Երբ այդ խաղաղութեան մասին կ՚ակնարկենք անպայմանօրէն պարտաւոր ենք հաշուի նստիլ ԱՄՆ-ի կողմէ հանրութեան «հրամցուած» «Աբրահամի արձանագրութեանց» հետ, որուն հիմնական արգելքը (մինչեւ վերջերս) «Հիզպուլլահ»ն էր, իսկ այդ գործընթացի հիմնական շահառուն՝ Իսրայէլը։
Ու այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք, հարկ է ուղենշային կերպով ըսել ու նկատել, որ այս ամբողջ նախապատմութեան աւարտին այսօր Լիբանան դարձեալ կանգնած է նոր պատերազմի մը վտանգին ընդառաջ։ Ու այնքան ժամանակ, որ Լիբանանի շիիթ կազմակերպութիւնը ՝ «Հիզպուլլահ» կը փորձէ խուսանաւելով մէկ կողմ դնել իր զէնքի հարցը, այնքան ատեն ալ Լիբանանի դէմ նոր պատերազմի մը հաւանականութիւնը կը մեծնայ։
Արաբական աշխարհը «շփոթահար»
Զարմանալի է, բայց իրաւ , որ արաբական աշխարհին մէջ եւս «Պատերազմ ընդդէմ խաղաղութիւն» խօսոյթ մը, մեծ պայքար մը կ՚ընթանայ։
Խնդիրը կապ չունի միայն Կազայի մէջ տեղի ունեցող պատերազմին ու այնտեղ պաղեստինցիներուն կրած մեծ տառապանքներուն հետ, այլ կան, գոյութիւն ունին շատ աւելի խորքային դրոյթներ, որոնք կերպով մը կը բանան «անցեալի վէրքեր»ը։ Արաբներու մեծ տոկոսը, ինչպէս բազում առիթներով արտայայտուած եմ ատոր մասին, յոգնած է պատերազմին «մասնակից» դառնալէ ու սկսած հաւատալ, որ հնարաւոր է խաղաղ գոյակցութիւն մը ստեղծել, իրենց գլխաւոր «հարեւան» Իսրայէլին հետ։
Ի հարկէ, այս արաբները, երբեք ալ, չեն մասնակցած վերջին պատերազմներուն (եթէ ի հարկէ զանց առնենք այդ տէրութեանց նիւթական նեցուկը պատերզմ մղող արաբներու) իսկ մնացեալ երկու ազդեցիկ տէրութեանց ՝ Եգիպտոսի եւ Յորդանանի (չմոռնանք նաեւ Սուրիոյ դերը որ նոյնպէս եղած է ազդեցիկ) մասնակցութիւնը Իսրայէլի դէմ պայքարներուն եղած է շատ կարեւոր եւ ուղենշային։
Հիմա կ՚ապրինք նոր դարաշրջան, ուր արաբական աշխարհին մէջ թելադրողը, թելադրական ուժը ներկայցնողը՝ Սէուտական Արաբիան է։ Ռիատ, ԱՄԷ-ի եւ Քաթարի հետ միասին կը համարի ըլլայ «նոր արաբներ»ու սիրտը, ուղեղը եւ արիւնատար երակը։
Այս պատճառով ալ խօսոյթի մեծ փոփոխութիւն կայ եւ անցեալի «Յարատեւ պայքար»ին տեղ արաբները կը փնտռեն լուրջ առիթներ երկխօսելու եւ բանակցելու համար Իսրայէլին հետ։
Շատ չխորանամ միայն փաստեմ, որ միւս թեւը, որ «Յարատեւ պայքար»ի եւ որուն «հայրութիւն»ը ներկայիս ստանձնած է Իրանը եւ որուն գործելաոճը պիտի չքննարկեմ այստեղ, Կազայի Սուրիոյ Լիբանանին եւ Եմէնի մէջ ստեղծուած նոր իրավիճակներէն ետք նահանջ արձանագրեց։
Ճիշդ է, որ Այաթոլլան (ԻԻՀ-ի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդը)տակաւին կը հաւատայ զինեալ պայքարին, բայց ճշմարտութիւն է նաեւ, որ Իրանի ընտրանքները նուազում կրած են։
Այս բոլորին առընթեր մեծ պայքար մը առաջ կը մղուի նաեւ տեղեկատուական դաշտին մէջ։
Օրինակ մը տալով նշեմ, որ մինչեւ օրս յաղթանակի եւ յաղթութեան խորհրդանիշ հանդիսացող եգիպտացի մեծ առաջնորդ Ժամմալ Ապտըլ Նասէրի կերպարը աղարտել կը փորձուի հանրութեան «պատմելով», որ ան իր մահէն առաջ արդէն իսկ հրաժարած էր «Զինեալ պայքար»ի գաղափարէն։
Ասոր դիմաց միւս ճամբարի հանրութիւնը կը շարունակէ կառչած մնալ «Հըզպալլա»ի առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլայի կերպարին, որ կը խորհրդանիշն է «Յարատեւ պայքար»ի ու այդ կռիւը անգամ մահուընէ անդին առաջ տանելու մօտեցումին։
Այս բոլորը անշուշտ կը զառնուին Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի մօտեցումներուն, որ կը շարունակէ ամէն օր «մատաղ» դարձնել պաղեստինցի անզէն ժողովուրդը...։
Հիմա արաբները բաւարար ժամանակ չունին հասկնալու կամ վերակարդալու իրենց կեցուածքները, յստակ է միայն, որ ինչպէս բոլոր «խաղեր»ուն մէջ այս պարագային ալ մեծագոյն զոհն ու զոհերը խաղի կանոնները չհասկցողներն են նման «Համաս» շարժումին, որ մեծագոյն պատասխանատուն (Նաթանիահուի կողքին) պիտի համարուի Պաղեստինցի անմեղ ժողովուրդի ողջակիզման։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս