image

«Կամրջելով պատմութիւնները» ցուցահանդէսը կը միաւորէ հայ եւ թուրք երիտասարադ լուսանկարիչներ

«Կամրջելով պատմութիւնները» ցուցահանդէսը կը միաւորէ հայ եւ թուրք երիտասարադ լուսանկարիչներ

Երեւանի մէջ, 24 յունուարին, Նորարար փորձառական կեդրոնին մէջ բացուած է «Կամրջելով պատմութիւնները» (#Bridgingstories) խորագիրը կրող ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած է 5-ամսեայ համատեղ նախագիծի ծիրէն ներս 24 հայ եւ թուրք երիտասարդ լուսանկարիչ լրագրողններու կողմէ եղած լուսանկարներ: Անոնք լուսանկարած են ուշագրաւ դրուագներ, որոնք կը ներկայացնեն իրենց կեանքն ու առօրեան՝ շեշտը դնելով երկու ժողովուրդներու նմանութիւններուն վրայ:

 Ցուցահանդէսի բացման ներկայ եղած է Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ, որ ըսած է, թէ ցուցահանդէսը կարեւոր է անով, որ ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն ընդհանրութիւններ կան հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ։ Այս մասին կը գրէ Հռիփսիմէ Յովհաննիսեան։

«Այդ ընկալումը կրնայ առաջնորդել հաշտեցման, զոր կը փափաքինք տեսնել հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ: Մենք միշտ նշած ենք, որ հաշտեցման համար պէտք պիտի ըլլայ լիարժէք, ամբողջական ճանաչում 100 տարի առաջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն», շեշտած է ան:

«Նման ցուցահանդէս պատմութեան եւ քաղաքականութեան սահմանէն միւս կողմ է։ Անիկա ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ ընդհանրութիւններ կան: Ա՛յդ է ամբողջ գեղեցկութիւնը: Միացեալ Նահանգներ կը փափաքի, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ հաշտութիւն ըլլայ, ատիկա կը բխի տարածաշրջանի, Կովկասի շահերէն: Ատիկա պիտի առաջնորդէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան», ըսած է դեսպանը։

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան հովանիին տակ կազմակերպուած «Կամրջելով պատմութիւնները» ծրագիրի մասնակիցները 24 հոգի էին՝ 12ը Հայաստանէն, 12ը Թուրքիայէն, որոնք ընտրուած են մրցումի ընդմէջէն՝ անցեալ տարուան ամրան, ապա մասնակցած են ֆոթոլրագրութեան դասընթացքի, որ տեղի ունեցած է 2016ի Օգոստոսին, Դիլիջանի մէջ: Յետոյ անոնք վերադարձած են իրենց բնակավայրեր՝ հոն աշխատելու: Մասնակիցներուն հետ աշխատած են Անոյշ Բաբաջանեանը՝ Հայաստանէն եւ Սերա Աքճան՝ Թուրքիայէն, ուսուցումներու հարցին մէջ իր դերը ունեցած է «Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք»ի լուսանկարիչ Ճոն Սթենմայըր: