image

Ամեն. Տ. Սահակ Պատրիարքի այցը՝ Սան Տիեկոյի Ս. Սարգիս Եկեղեցի

Ամեն. Տ. Սահակ Պատրիարքի այցը՝ Սան Տիեկոյի Ս. Սարգիս Եկեղեցի

Կը շարունակուի Պոլսոյ Հայոց Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Մաշալեանի հովուական այցը դէպի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմ։

Այս առումով ալ «Արեւելք» կը ներկայացնէ խմբագրութեանս հասած լրատւութիւնը, անցնող օրերուն Սրբազան Պատրիարք Հօր ունեցած հանդիպումներուն եւ շփումներուն մասին։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 20 Յունիս 2025, Ուրբաթ առաւօտ, ընկերակցութեամբ ԱՄՆ-ու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեանի եւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ուղղուեցաւ Սան Տիէկոյի Ս. Սարգիս Եկեղեցի։

Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ հովիւ Հոգշ. Տ. Բագրատ Ծ. Վրդ. Պերճէքեանի եւ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Արազ Էտուարտ Ատուրեանի կողմէ։

Տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն, ապա մեր Հոգեւոր Պետը ուխտի աղօթքը կատարեց։

Ողջոյնի խօսք արտասանեց Տ. Բագրատ Ծ. Վրդ. եւ բարի գալուստ մաղթեց Պատրիարք Հօր ու Առաջնորդ Սրբազանին։ Ս. Սարգիս Եկեղեցին նորահաստատ ծուխ մըն էր եւ եկեղեցւոյ հաստատութենէն ի վեր անցած էին միայն երեք տարիներ։

Պատրիարք Հօր այցելութիւնը իր նշանակութիւնը կ՚ունենար այս հանգրուանին մէջ։ Հայր Սուրբը այս առթիւ յանուն ծխական խորհուրդի եւ ժողովուրդին Պատրիարք Հօր նուիրեց յուշանուէր մը։

Պատրիարք Հայրը իր պատգամը փոխանցեց ժողովուրդին եւ փոխադարձեց շնորհաւորական արտայատութիւններով։ Հոգիին կարեւորութեան անդրադառնալով, Պատրիարք Հայրը ըսաւ որ լաւ տպաւորուած էր նորահաստատ այս եկեղեցիէն։ Ըսաւ, որ անոնք գտած էին հոգիին զօրութիւնը եւ եկեղեցին վերածած էին միաւորիչ մթնոլորտի։ Նորին Ամենապատուութիւնը մաղթեց որ իրենց դրսեւորած կամքը շարունակական ըլլայ եւ Ս. Սարգիս Եկեղեցին շարունակէ զարգանալ եւ ներգրաւել իր ժողովուրդը։ Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Տէրունական Աղօթքով։

Ապա արտայայտուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ յայտնեց, թէ Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ ծուխը պէտք է բախտաւոր զգայ ինքզինքշ քանի որ իր պատմական այցելութեան ծիրէն ներս, Նորին Ամենապատուութիւնը առիթը ունեցած էր այցելելու զիրենք։ Այս մէկը երեք տարի առաջ կառուցուած եկեղեցւոյ մը ծուխին համար կը դառնար օրհնալի առիթ մը։

Մեր Հոգեւոր Պետը ապա ուղղեցաւ դէպի Արազ Էտուարտ – Աննա Ատուրեան ընտանիքին բնակարանը, ուր եկեղեցւոյ վարչայիններ համախմբուեցան եւ ճաշկերոյթով մեծարեցին Պատրիարք Հայրը։

Նախ տեղի ունեցաւ տնօրհնէք եւ սեղանի օրհնութիւն։ Սրտի խօսքը արտասանեց Ատենապետ Ատուրեան եւ յայտնեց, որ Պոլսոյ Պատրիարքին իրենց ծուխին եւ յատկապէս տան մթնոլորտին մէջ գտնուիլը մեծ պատիւ կը համարէին։ Այս մէկը կը դառնար պատմական առիթ մը, որպէսզի ծուխի սպասաւորներ առիթը ունենային իր օրհնութիւնը ստանալու եւ իր պատգամը լսելու։

Ճաշկերոյթի աւարտին Աննա Ատուրեան Գրիգորեան եւ Անթոնի Կիւրիւնեան դաշնակի նուագով ընկալեցին ներկաներուն գնահատանքը։ Իսկ Արփի Ատուրեան ասմունքեց եւ Տ. Յարութիւն Վրդ. մեներգեց։ Այսպէսով ճաշկերոյթը վերածուեցաւ մշակութային յայտագրի մը։

Ճաշի աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը գնահատեց Արազ Էտուարտ Ատուրեանի թէ՛ ընտանեկան կեցուածքը ԱՄՆ-ու մէջ եւ թէ՛ Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ իրենց մօտ հաստատած ընտանեկան ջերմութիւնը։ Դրուատեց Առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոսի եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Բագրատ Ծ. Վարդապետի գործունէութիւնը եւ այս առթիւ մաղթեց ամենայն բարիք բոլորին։