image
Հրատապ լուրեր:

Մոսկուան կ՚ակնկալէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրում՝ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման համար. Փեսքով

Մոսկուան կ՚ակնկալէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրում՝ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման համար. Փեսքով

Մոսկուան կ՚ակնկալէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրում՝ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման համար:

Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։

«Մենք յոյս ունինք, որ այս աշխատանքը (խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը) պիտի աւարտի»,-նշած է ան։ Անոր խօսքով՝ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրն անհրաժեշտ է տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան մթնոլորտի համար:

«Մեր կողմէ մենք պատրաստ ենք ընելու հնարաւորը, որ նպաստենք այդ գործընթացին»,-աւելցուցած է Փեսքովը: