Օրերս Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց կառավարիչ` Գերպծ. Վարդան Թ.Ծ.Վրդ. Գազանճեան, Տիգրանակերտ նահանգի Ս. Յովսէփ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց, որուն ներկայ գտնուեցան Իսթանպուլէն, Լիբանանէն ու Մարտինէն ժամանած ուխտաւորներ:
Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Գերյ. Հ. Գրիգոր գերպ. Դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ ներկկայացուած լրատւութիւնը՝
Ուրբաթ 13 յունիս, կէսօրուայ ժամը 12:00-ին, Տիգրանակերտ նահանգի «Սուր» շրջանի «Հասըրլը» թաղամասը գտնուող Ս. Յովսէփ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ` Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց կառավարիչ` Գերպծ. Վարդան Թ.Ծ.Վրդ. Գազանճեանի կողմէ, Իսթանպուլէն, Լիբանանէն ու Մարտինէն ժամանած ուխտաւորներու մասնակցութեամբ։
Ս. Յովսէփի Եկեղեցին մեծապէս վնասուած էր 2015-ին, «Սուր» թաղամասին մէջ տեղի ունեցած զինեալ բախումներու ընթացքին ու վերանորոգուած՝ պետութեան հովանաւորութեամբ։ Ըստ ականատեներուն, ոստիկանութիւնը եկեղեցի մտած է` կոտրելով անոր պատմական դռները: Գողցուած են յախճապակիին վրայ եղած վեց պատմական նկարները, ինչպէս նաեւ` պահեստին մէջ գտնուող փորագրուած պատմական քարերը:
Ս. Յովսէփի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին վերանորոգուած էր նաեւ 2013 թուականին եւ կը գործածուէր իբրեւ գորգերու արհեստանոց։
Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան խորհուրդը, 2018-ին որոշեց եկեղեցւոյ պահպանութիւնը, ապահովութիւնը եւ հոգատարութիւնը յանձնել Տիճլէի համալսարանին՝ երաշխաւորելու պայմանով կառոյցին ճարտարապետական առանձնայատկութիւններուն պահպանումը եւ շեշտելով, որ ամէն անգամ, երբ Հայ կաթողիկէ համայնքը փափաք յայտնէ, արտօնութիւնը պէտք է տրուի պաշտամունք ու ս. Պատարագ կատարելու։
Տիճլէի համալսարանը 10 տարի զայն պիտի գործածէ կրթական եւ մշակութային նպատակներով։ Միաժամանակ, պահպանուած է հայ կաթողիկէ համայնքին՝ եկեղեցւոյ մէջ պատարագներ կատարելու իրաւունքը։
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի նախկին առաջնորդ` Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զէքիեանը, վերանորոգումէն ետք, 2021-ին օրհնած է եկեղեցին եւ երկարատեւ ընդմիջումէ մը ետք ( 100 տարի) հոն կատարած է առաջին պատարագը։
Պաշտօնական վիճակագրութեան համաձայն, 1914-ին Տիգրանակերտի մէջ կը բնակէին մօտաւորապէս 72,926 հայեր, որոնցմէ 9660-ը կաթողիկէներ էին, 7376-ը՝ աւետարանականներ, իսկ մնացեալը` հայ առաքելական։ Տիգրանակերտի բոլոր փաստաբաններն ու բժիշկները հայեր էին: Քաղաքային խորհուրդի երկրորդ նախագահը մշտապէս հայ եղած է: Իսկ տեղւոյն խորհրդարանի անդամներուն կէսը հայեր էին։
Տիգրանակերտի քաղաքին մէջ, այսօր կ'ապրին ընդամէնը 20 հայ ընտանիքներ։