Business Partners of Armenia (BPA) ընկերութիւնը, Վրոյր Փենեսեանի նախաձեռնութեամբ, այս տարի երկրորդ անգամ արտերկրի մէջ կը կազմակերպէ հայկական անշարժ գոյքի ցուցահանդէս։
Այս անգամ ընտրուած են Քրասնոտարի ու Սոչիի ՝ շրջանները, ուր հայ համայնքը ունի դարաւոր պատմութիւն եւ աշխոյժ տնտեսական ներգրաւուածութիւն։ Ցուցահանդէսի նպատակն է աւելի մօտեցնել սփիւռքը հայրենիքին՝ ներկայացնելով Հայաստանի մէջ կառուցուող լաւագոյն նորակառոյցները։
Կը ներկայացուին տարբեր շրջաններու բնակարաններ։ Այցելուներուն կը տրամադրուի նաեւ հնարաւորութիւն՝ օգտուելու Հայաստանի դրամատուներու հիպոթեքային (կալուածագրաւ) յատուկ առաջարկներէն՝ տեղւոյն վրայ անշարժ գոյք ձեռք բերելու համար։
«Իւրաքանչիւր տուն, որ սփիւռքահայը գնում է Հայաստանում, ուժեղացնում է նրա կապը հայրենիքի հետ»,- կ'ըսէ BPA-ի նախագահ Վրոյր Փենեսեան։ Ժամանակը ընտրուած է նպատակային՝ այն փուլին, երբ սփիւռքահայ գործարարները կը հանգուցալուծեն տարուան գործերու արդիւնքները եւ կը պատրաստուին ներդրումային որոշումներու։
BPA-ը կը կարեւորէ նախաձեռնութեան միջոցաւ ոչ միայն վաճառքը, այլ՝ հայրենիքին մօտեցնելու եւ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելու առաքելութիւնը։ Ցուցահանդէսը կը դառնայ եզակի հարթակ՝ սփիւռքի եւ Հայաստանի անշարժ գոյքի ոլորտի միջեւ կամուրջ կառուցելու համար։