image

Այդ մէկը Հայաստանի ներքին գործն է. Փեսքով անդրադարձած է ՀՀ-ի մէջ յեղաշրջման փորձ կանխելու մասին հաղորդագրութիւններուն

Այդ մէկը Հայաստանի ներքին գործն է. Փեսքով անդրադարձած է ՀՀ-ի մէջ յեղաշրջման փորձ կանխելու մասին հաղորդագրութիւններուն

Ռուսիան շահագրգռուած է, որ Հայաստանը ըլլայ բարգաւաճ եւ բարեկամական երկիր, սակայն երկրի մէջ տիրող իրավիճակը անոր ներքին գործն է։ Ինչպէս կը հաղորդեն ռուսական լրատուամիջոցները, այս մասին ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը՝ անդրադառնալով Հայաստանի մէջ իրաւապահներու կողմէ յեղաշրջման փորձ կանխելու մասին լուրերուն։

«Սա, անշուշտ, Հայաստանի ներքին գործն է։ Ի հարկէ, մենք շահագրգռուած ենք, որ Հայաստանի մէջ պահպանուի օրէնքն ու կարգը, եւ որ Հայաստանը ըլլայ բարգաւաճ, կայուն, Ռուսիոյ բարեկամ երկիր»,-լրագրողներուն ըսած է Փեսքովը։

Նշենք, որ աւելի վաղ ՀՀ քննչական կոմիտէն հաղորդագրութիւն տարածած էր՝ յայտնելով, որ «Սրբազան պայքար» շարժման մասնակիցներն ու ղեկավարները ծրագրած էին Հայաստանի մէջ ահաբեկչական եւ իշխանութիւնը զաւթելուն ուղղուած գործողութիւններ իրականացնել։

Նշուած է, որ դէպքի առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս կը կատարուին անհետաձգելի քննչական եւ այլ վարութային գործողութիւններ։

«Սրբազան պայքար» շարժման առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանը ձերբակալուած է։