Հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող անկայուն վիճակին, Պէյրութի մէջ, օրերս, բացումը կատարուած է հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսին, նախաձեռնութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ձեռարուեստի յանձնախումբի, եւ՝ «Հայկական ձեռագործները եւ ասեղնագործութիւնը պահպանել եւ զանոնք փոխանցել նոր սերունդի հայուհիներուն» նշանաբանով։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։
Ստորեւ՝ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ։
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ձեռարուեստի յանձնախումբը, հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող անկայուն վիճակին, այս տարի եւս պահեց իր աւանդութիւններու կարգին նկատուող նախաձեռնութիւններէն հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսը` նշանաբան ունենալով «Հայկական ձեռագործները եւ ասեղնագործութիւնը պահպանել եւ զանոնք փոխանցել նոր սերունդի հայուհիներուն»:
Ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 3 ապրիլ 2025-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ` ներկայութեամբ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, հրաւիրեալներու եւ ԼՕԽ-ականներու:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Ուրիշեան իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ ԼՕԽ-ը, հակառակ բազում դժուարութիններուն, կառչած կը մնայ ազգային աւանդութիւններուն` այս ցուցահանդէս-վաճառքով ներկայացնելով ամէնէն նուրբ մշակութային գանձերը:
Ան աւելցուց, որ հայերու կողքին, մեր օտար բարեկամները եւս իրենց այցելութիններով ոչ միայն կը ծանօթանան եւ կը հիանան մեր մշակոյթին, այլ նաեւ գնումներով եւ նիւթական մասնակցութեամբ կը քաջալերեն ԼՕԽ-ը:
Ապա ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց ձեռարուեստի կեդրոնին տարած աշխատանքը: Իր խօսքի աւարտին Թ. Ուրիշեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան այս ձեռնարկի յաջողութեան:
Այս առիթով իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, որ իր գնահատանքը յայտնեց նման նախաձեռնութեան համար եւ դրուատեց պատրաստողները: Ան դիտել տուաւ, որ մեծ պարտականութիւններ դրուած են մեր ուսերուն մասնաւորաբար մեզի յանձնուած աւանդը պահպանելու իմաստով` աւելցնելով, որ մեծ պատասխանատուութեան դիմաց կը գտնուինք հաւասարապէս բոլորս: Սրբազանը հաստատեց, որ ԼՕԽ-ի ընդարձակ գործունէութեան մէջ անկասկած ճաշակաւոր անկիւն մըն է այս ձեռարուեստի աշխատանոցը, ուր կը պահպանուին առաւելաբար հայրենի մեր աւաններուն մէջ զարգացած արուեստի աշխատանքները, որպէսզի ոչ միայն անոնք չկորսուին եւ ոչ միայն մեր տուները զարդարեն, այլեւ` իբր սրբազան աւանդ` փոխանցուին գալիք սերունդներուն, որպէսզի ապրին եւ առաւել եւս ծաղկին նոր շնորհքներով եւ նոր շունչով:
Շահէ արքեպիսկոպոս դիտել տուաւ, թէ դիւրին գործ չէ, մասնաւորաբար երբ կ՛անդրադառնանք, որ այս աշխատանքը կը յարատեւէ դժուար պայմաններու մէջ: Ան ըսաւ, որ մեր ժողովուրդը գովելի է իր գիտակցութեան մէջ, աւելցնելով սակայն, որ բոլորս ալ կ՛անդրադառնանք, որ մեր առօրեայէն ներս շատ բան փոխուած է: Քիչ մը հեշտութեամբ սկսած ենք վարժուիլ ամէն նորաձեւութեան հետ, ամէն ինչ կ՛որդեգրենք` մոռնալով, որ մեր ունեցածը աւելի հարազատ է, աւելի թանկագին է եւ նոյնիսկ ներկայ ժամանակներուն աւելի յարգի եւ աւելի գեղեցիկ է, քան ինչ որ հրապարակն ու շուկան այսօր մեզի կը հրամցնեն: «Պարզապէս պէտք է յարատեւել եւ հաւատալ, թէ աւելի լաւ պայմաններու մէջ այս բոլորը շատ աւելի դիւրութեամբ կարելի է հրամցնել մեր հասարակութեան, հաւատալով, որ կը գնահատուի այն, ինչ որ մեծ ճիգով կը պատրաստուի եւ կը հրամցուի հանրութեան», հաստատեց սրբազանը` վստահեցնելով, որ դարձեալ պիտի գան այն օրերը, երբ մեր ժողովուրդը պիտի վերականգնէ իր գիտակցութիւնը, որպէսզի այդ գիտակցութեամբ վերարժեւորէ իր ունեցած ցեղային արժէքները եւ անոնցմով իր կեանքը վերայարդարէ, վերստին ծաղկի եւ վերստին փայլի իր միջավայրէն ներս: Եզրափակելով իր խօսքը` Շահէ արք. Փանոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ին, որ հոգածութեամբ կը պահէ այն, ինչ որ նուիրական է, նաեւ սիրով զայն կը հրամցնէ հանրութեան ի վայելումն բոլոր անոնց, որոնք գիտեն գնահատել ձեռքի աշխատանքը, արուեստի շունչը եւ շնորհքը:
Ապա ներկաները դիտեցին ցուցադրուած հայկական ձեռագործներու գեղեցիկ նմուշները, որոնց կարգին` հայկական շունչ կրող յարմարաւէտ նուէրներ եւ խորհրդանշական կտորներ:
Ցուցահանդէսը շարունակուեցաւ ուրբաթ, 4 եւ շաբաթ, 5 ապրիլին, հայերու կողքին հայկական ասեղնագործական նմուշները դիտեցին եւ անոնց մանրամասնութիւններուն ծանօթացան նաեւ օտարներ: