image
Հրատապ լուրեր:

Ֆրանսայի մէջ՝ Արցախի Խորհրդանիշ «Մամիկ-Պապիկ»ի արձանին բացման արարողութիւնը

Ֆրանսայի մէջ՝ Արցախի Խորհրդանիշ «Մամիկ-Պապիկ»ի արձանին բացման արարողութիւնը

Օրերս, Մարսէյլի UGA Ardziv ակումբին մէջ տեղի ունեցած է Արցախի խորհրդանիշ՝ «Մամիկ-Պապիկ»-ի արձանին բացման արարողութիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝

12 Յունիսին, Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքին UGA «Արծիւ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի խորհրդանիշ «Մամիկ-Պապիկ»ի արձանին բացման արարողութիւնը:

Ներկայ էին ծերակուտական Վալերի Պուայէ, Մարսէյի 11րդ եւ 12րդ շրջաններու փոխթաղապետ Ֆիլիփ Խոզեան, UGA «Արծիւ»ի ատենապետ Ֆիլիփ Գազարեան, սկաուտներ եւ միութենականներ: