image

Ամեն. Սահակ Չ. Պատրիարք մեծ շուքով դիմաւորուեցաւ Քոստա Մեսա շրջանին մէջ

Ամեն. Սահակ Չ. Պատրիարք մեծ շուքով դիմաւորուեցաւ Քոստա Մեսա շրջանին մէջ

Իր աւարտին հասած է Պոլսոյ Հայոց Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Մաշալեանի հովուական այցը դէպի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմ։

Այս առումով ալ «Արեւելք» կը ներկայացնէ խմբագրութեանս հասած լրատւութիւնը, անցնող օրերուն Սրբազան Պատրիարք Հօր ունեցած հանդիպումներուն եւ շփումներուն մասին։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, դէպի ԱՄՆ-ու Արեւմտեան թեմ տուած այցելութեան առթիւ, 21 Յունիս 2025, Շաբաթ երեկոյեան, Քոստա Մեսայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն։

Մեր Հոգեւոր Պետը, նախընթաց օր, ընկերակցութեամբ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեանի եւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ժամանեց Քոստա Մեսա։ Այստեղ ընթրիքով հիւրընկալուեցաւ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Մայքըլ Հոլիսի ատենապետութեամբ տեղւոյն Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ վարչութեան անդամներու եւ Արա Քարաքէշիշօղլուի գլխաւորած հիւրընկալութեան յանձնախումբի անդամներու կողմէ։ Անմիջական մթնլորտի մէջ մասնակիցներ ներկայացուցին զիրենք։

Իսկ Շաբաթ առաւօտ, Պատրիարք Հայրը, դիմաւորուեցաւ համայնքային շրջանակներու կողմէ եւ արժանացաւ հոգեւորականներու, վարիչներու ու ժողովուրդի անշահախնդիր հետաքրքրութեան։

Ժամը 17.30-ին, Պատրիարք Հայրը, եկեղեցւոյ երիցատունէն ուղղուեցաւ տաճար։

Ամպհովանին կը կրէին Սարօ Մարուքեան, Եդուարդ Խաչատուրեան, Կարօ Քուրեան եւ Մարտօ Այվազեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան տեղւոյն երգչախումբի անդամներու կողմէ։ Այնուհետեւ, Պատրիարք Հայրը եկեղեցւոյ մուտքին աղուհացի օրհնութիւնը կատարեց եւ «Հրաշափառ»ով ուղղուեցաւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցի։

Ներկայ էին աւելի քան երկու հարիւր հաւատացեալներ, որոնց կարգին էր նաեւ Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Տէրիք Ղուկասեան։

Կատարուած ուխտի աղօթքէն յետոյ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, յանուն Առաջնորդութեան, Թեմական Խորհուրդի եւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ բարի գալուստ մաղթեց Պատրիարք Հօր։ Սրբազան Հայրը, ներկայացուց շաբաթ մը տեւողութեան ընթացքին տրուած այցելութիւններն ու հասած դրական անդրադարձերը եւ սոյն առաջին այցելութիւնը որակեց օրհնաբեր հանգրուան մը թեմական կեանքէ ներս։ Յայտնեց, որ Արեւմտեան թեմէ ներս նախապէս հիւրընկալած են Պոլսոյ երանաշնորհ պատրիարքները եւ Պատրիարք Հօր այցելութիւնը օղակ մը եւս կը միացնէ գահակալներու ցանկին, որոնք հասած են ԱՄՆ Արեւմտեան թեմ եւ բերած՝ պատմական Պոլիս քաղաքի եկեղեցական ու ազգային կառոյցներու շունչն ու օրհնութիւնը։ Ապա, Նորին Ամենապատուութիւնը փոխանցեց իր պատգամը եւ յայտնեց, որ հարազատ մթնոլորտի մէջ կը զգայ։ Կարծէք տարիներէ ի վեր ԱՄՆ-ու մէջ ապրած ըլլար եւ տարբեր առիթներով մաս կազմած՝ ազգային-եկեղեցական կեանքին։ Ի՞նչ էր այս զգացումի պատճառը, եթէ ո՛չ մեր համահայկական եկեղեցասէր եւ ազգասէր արմատները, որոնք աշխարհի չորս ծագերուն իրարու կը նմանին եւ օտարութիւն չեն զգացներ այցելուներուն։ Պատրիարք Հայրը շարունակեց, ըսելով. «Կը կարծեմ որ դուք ալ երբ Պոլիս կ՚այցելէք, դուք ձեզ հարազատ մթնոլորտի մէջ կը զգաք, քանի որ նոյն զգացումները կը բաժնենք այդտեղ եւս։ Երբ մուտք գործեցի եկեղեցիէն ներս, պահ մը կարծեցի, որ Պոլիսի տասնեակ եկեղեցիներէն միոյն մէջ արարողութիւն կը կատարուի։

Պոլսոյ Պատրիարքի հանդէպ յարգանքով ու սիրով խառնուած այս մթլորտին մէջ աղօթելն ու պատգամ փոխանցելը կը զգացնէ այս մէկը։ Հետեւաբար, ձեր այս կեցուածքը, առաջին իսկ քայլէն զգացնել տուաւ Պոլսոյ Պատրիարքին, թէ հեռաւոր ԱՄՆ-ու մէջ եւս կը շարունակեն մեր եղբայրութիւնն ու բարեկամութիւնը։ Եղբայրներ եւ քոյրեր ենք բոլորս եւ այսօր մեր եկեղեցին կը միացնէ հեռաւոր երկիրներէ ԱՄՆ ժամանած, սակայն նոյն արմատներուն վրայ հաստատուած եղբայրները ի Քրիստոս»։

Նորին Ամենապատութիւնը, շնորհակալութեամբ անդրադարձաւ նաեւ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արքպս.ի աշխատասիրութեան եւ թեմական կեանքէ ներս ունեցած բարձրորակ առաջնորդութեան։

Այցելութեան ժամանակ ամէն մէկ պահուն յայտնի կը դառնար, թէ Սրբազանը ինչպէս ներդրում բերած է ԱՄՆ-ու հեռաւոր այս ափերուն հաստատուած ժողովուրդի ազգային-եկեղեցական կեանքին։ «Մենք Պոլսոյ մէջ կը ջանանք մեզի հասածը պահել ու պահպանել, ապրելով մեր առօրեան։ Իսկ այստեղ դուք ի հիմանէ կը հաստատէք եկեղեցի, վարժարան, մշակութային հաստատութիւն եւ այս մէկը առաւել եւս դժուար է։ Իսկ դուք այս դժուարութիւնը կը յաղթահարէք եւ թէ՛ ձեզ եւ թէ ձեր զաւակաց համար կը պատրաստէք ապահով դաշտեր, ուր հայեցի շունչը եկեղեցական հոգիով կը միացնէ բոլորդ։

Իր խօսքի աւարտին մաղթեց, որ թեմական կեանքը նոյն ձեւով ծաղկեալ մնայ եւ Աստուծոյ կարողութեան արժանանան բոլոր հաւատացեալներ, որոնք կը փափաքին իրենց կարելին ի գործ դնել վասն պանծացման Հայ ժողովուրդին։

Պատրիարք Հայրը օրհնեց բոլոր ներկաները եւ ապա շարականներու երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ պարտէզ։

Յաջորդաբար կատարուեցաւ համայնքային ընդունելութիւն եկեղեցւոյ նորահաստատ Ստանպուլեան Սրահին մէջ, տեղւոյն վարչութեան, հիւրընկալութեան յանձնախումբի անդամներուն, վարիչներուն եւ ազգայիններուն։ Գործադրուեցաւ մշակութային յայտագիր մը՝ երգեցողութեամբ, ասմունքով եւ սրտի խօսքերով։ Աւարտին յանուն Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ, Պատրիարք Հօր յանձնուեցաւ յուշանուէր մը։ Պատրիարք Հայրն ալ նուիրեց արծաթեայ շրջանակ մը՝ Պատրիարքարանի նկարով։ Սոյն հանդիպումը առիթ դարձաւ որ բոլոր ներկաներ սիրով շրջապատեն Նորին Ամենապատուութիւնը եւ անմիջական մթոլորտի մէջ զրուցեն իր հետ յատկապէս Պոլսահայ ազգային եկեղեցական կեանքի մասին։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Պատրիարք Հօր խօսքերով եզրափակուեցաւ երեկոն։