image

Սամուէլ Կարապետեան դժգոհ է կարգ մը ընդդիմադիր ուժերէ

Սամուէլ Կարապետեան դժգոհ է կարգ մը ընդդիմադիր ուժերէ

Պէտք է հասկնանք՝ որու նկատի ունինք ընդդիմութիւն ըսելով, առաջին հերթին՝ որ կուսակցութիւններն են իսկական ընդդիմութիւն, հանդիպումներ եղած են այն ուժերու հետ, որոնք իրական ընդդիմութիւն են, որոնք մէկ նպատակ ունին՝ ազատագրել մեր երկիրը չարիքի այս իշխանութենէն, 24News-ին ըսած է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեանը՝ խօսելով ընդդիմութեան միաւորման մասին։

«Իսկ կան ընդդիմադիր ուժեր, ովքեր իրենց սեւ գործը արեցին ընտրական փուլում, դրանց մենք համարում ենք Փաշինեանի պրոքսի ուժեր։ Մեզ քննադատող ընդդիմադիր ուժերը պէտք է իրենց հաշիւ տան, թէ ինչի համար նրանք օգնեցին Փաշինեանին մնալ իշխանութեան։ Մենք մեր ասածներն արել ենք, իսկ իրենք վառել են մեզ հասանելիք ձայները եւ նուիրել Փաշինեանին»։

Կարապետեանը նշած է, որ ընտրութիւններուն մասնակցած գրեթէ բոլոր ընդդիմադիր ուժերն իրենց մասնակցութեամբ եւ այլ գործողութիւններով օգնած են Նիկոլ Փաշինեանին մնալ իշխանութեան։

Ան նշած է, որ նոյնիսկ Գագիկ ծառուկեանը, չուզելով, փաստացի օգնած է իշխանութեան։