Հայաստանի ազգային հաւաքականի անդամ Դանիէլ Կիրակոսեան միացած է Միացեալ Նահանգներու Georgetown College Tigers պասքեթպոլի խումբին։
Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ ծառայութիւնը։
Կիրակոսեան նոր մրցաշրջանին հանդէս պիտի գայ ամերիկեան քոլէճային պասքեթպոլի մէջ՝ ներկայացնելով Georgetown College-ը։
Նախորդ մրցաշրջանին Դանիէլ Կիրակոսեան հանդէս եկած է «Ուրարտու»-ի կազմին մէջ՝ խումբին հետ դառնալով Հայաստանի Փրօպասքեթ Ա լիկայի ախոյեան եւ մրցաշրջանի արդիւնքներով ընդգրկուելով առաջնութեան լաւագոյն հնգեակին մէջ։