Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչի չինացի պաշտօնատարներու հետ խորհրդակցութիւնները որակած է յաջողած՝ նշելով, որ Թեհրան կարեւորութիւն կու տայ Փեքինի հետ հաստատած ռազմավարական գործընկերութեան։
Այս մասին Արաքչի նշած է X ընկերային ցանցի իր գրառման մէջ։
«Չինաստանի մէջ մեր գործընկերներուն հետ յաջող խորհրդակցութիւններ ունեցանք։ Իրանը կարեւորութիւն կու տայ այն ռազմավարական գործընկերութեան, որ ժամանակի ընթացքին կառուցած ենք։ Այսօրուան որոշումները պիտի կանխորոշեն տարածաշրջանի ապագայ ռազմավարական հաւասարակշռութիւնը՝ ունենալով կարեւոր ազդեցութիւն»,– գրած է Արաղչի։
Ան նաեւ աջակցութիւն յայտնած է տարածաշրջանային խաղաղութեան վերաբերեալ Չինաստանի նախագահ Սի Ճինփինկի առաջադրած չորս սկզբունքներուն՝ նշելով, որ անոնք առանցքային նշանակութիւն ունին։
Սի Ճինփինկի առաջարկը կը նախատեսէ դրացի երկիրներու միջեւ խաղաղ գոյակցութիւն, ազգային ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանք, միջազգային իրաւունքի պահպանում, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան եւ տնտեսական զարգացման միջեւ հաւասարակշռութեան ապահովում։