image

Քիւրտերու գլխաւորած «Սուրիական դեմոկրատական ուժեր»ը յայտարարած են լուծարման մասին

Քիւրտերու գլխաւորած «Սուրիական դեմոկրատական ուժեր»ը յայտարարած են լուծարման մասին

Քիւրտերու գլխաւորած «Սուրիական ժողովրդավարական ուժերը» (SDF) լուծարուած է։ Ինչպէս կը հաղորդէ Reuters-ը, այս մասին յայտարարած է խմբաւորման առաջնորդ Մազլում Ապտին։

«Մենք այսօր կը յայտարարենք «Սուրիական ժողովրդավարական ուժերու» առաքելութեան աւարտի մասին եւ լիակատար պատասխանատուութեամբ կը յայտարարենք, որպէս անկախ ռազմական ուժ, անոր լուծարման եւ պետական հաստատութիւններուն լիակատար համարկման մասին», յայտարարած է «Սուրիական ժողովրդավարական ուժեր»ու հրամանատար Մազլում Ապտին։

Syria TV-ի հաղորդմամբ՝ Դամասկոս ժամանած Ապտին ռազմական, անվտանգութեան եւ վարչական չլուծուած հարցերու շուրջ բանակցութիւններ վարած է սուրիական պաշտօնեաներու, ներառեալ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարըհի հետ։

Սուրիոյ կառավարութիւնը եւ «Սուրիական ժողովրդավարական ուժեր»ը, որ Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ օգնեց պարտութեան մատնել «Իսլամական պետութիւն»-ը եւ կը վերահսկէր Սուրիոյ հիւսիսային ու արեւելեան շրջանները, յունուարին համաձայնութեան եկած էին քիւրտ զինեալներու՝ սուրիական պետութեան կազմին մէջ փուլային համարկման շուրջ։ Ուաշինկթըն այդ համաձայնութիւնը անուանած էր «պատմական հանգրուան»։

Համաձայնութիւնը կնքուած էր կարճ ժամանակ անց, երբ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարըհի գլխաւորած կառավարական ուժերը յունուարին յարձակում սկսած էին՝ գրաւելով «Սուրիական ժողովրդավարական ուժեր»ու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մեծ մասը։

Քրտական ժողովրդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները, որոնք կը կազմէին «Սուրիական ժողովրդավարական ուժեր»ու կորիզը, արդէն համարկուած էին պետական ուժերուն մէջ, իսկ անոնց հրամանատար Սիփան Համմօ մարտ ամսուն նշանակուած էր երկրի արեւելեան շրջաններու պաշտպանութեան փոխնախարար։