Հայաստանէն Ատրպէյճան ալիւմինէ փայլաթիթեղ արտահանուած է։
Այս մասին Կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին յայտնած է ՀՀ տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանը։
«Ալիւմինէ փայլաթիթեղ է արտահանուել»,-ըսած է Պապոյեանը՝ չմանրամասնելով մատակարարման ծաւալը։
Հարցին՝ կը նախատեսուի՞ Հայաստանէն այլ ապրանքներ եւս արտահանել Ատրպէյճան, նախարարը կարճ պատասխանած է․ «Տեսնենք»։