image

Իրան ամերիկեան MQ-9 է խոցած է

Իրան ամերիկեան MQ-9 է խոցած է

Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը Հորմուզի նեղուցի օդային տարածքին մէջ խոցած են Միացեալ Նահանգներու արդէն 52-րդ MQ-9 անօդաչու թռչող սարքը՝ փետրուարին լարուածութեան վերջին սրման սկիզբէն ի վեր։ Այս մասին կը հաղորդէ «Թասնիմ» գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի մամուլի ծառայութեան հաղորդագրութիւնը։

«Այսօր առաւօտեան ժամը 02։29-ին Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի հակաօդային եւ հակահրթիռային պաշտպանութեան նորագոյն համակարգի միջոցով ամերիկեան բանակին պատկանող MQ-9 անօդաչու թռչող սարքը կասեցուած եւ ոչնչացուած է Ղեշմ կղզիի օդային տարածքին մէջ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Բացի այդ, ըստ հրապարակման՝ Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ սանձազերծուած պատերազմի ընթացքին Իրանի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը խոցած են հարիւրաւոր թշնամական ԱԹՍ-ներ, որոնց շարքին՝ Lukas, Hermes, MQ-1 եւ MQ-9 մոտելները։

Նշենք, որ MQ-9 Reaper-ը ամերիկեան հեռակառավարուող ռազմական անօդաչու օդանաւ է, որ կ՚արտադրէ General Atomics Aeronautical Systems ընկերութիւնը։ Ան սովորական փոքր «տրոն» չէ․ բաւական մեծ ինքնաթիռ  է եւ նախատեսուած է երկար ժամանակ օդին մէջ մնալու, հետախուզական եւ հարուածային գործողութիւններ իրականացնելու համար։