image

«Մոտերնա»ն կը վերադառնայ, աւելի ուժեղ եւ խոստմնալից…

«Մոտերնա»ն կը վերադառնայ, աւելի ուժեղ եւ խոստմնալից…

Նուպար Աֆէեանին եւ Moderna-ին՝ 10/10. քաղցկեղի դէմ պայքարին մէջ նոր յաջողութիւն

Դեռ վերջնական որոշում չկայ, իսկ պատուաստանիւթը ընդհանուր գործածութեան արտօնուած չէ։ Բայց եթէ ամբողջական տուեալները հաստատեն այս արդիւնքները, կրնայ բացուիլ քաղցկեղի անհատականացուած բուժման նոր էջ մը։

Նուպար Աֆէեան՝ 10/10։ Moderna՝ 10/10։

Սագօ Արեան Լրագրողի էջէն կը կարդանք՝

Վերջին օրերուն համացանցը ողողուած է մեր ազնուական հայրենակից՝ Նուպար Աֆէյեանի ղեկավարած «Մոտերնա» ընկերութեան գրանցած նոր յաջողութեան մասին լուրերով։

Ապահով եմ, որ այս յաջողութիւնը, ոչ միայն նոր մակարդակի պիտի բարձրացնէ «Մոտէրնա»ն ու աւելիով նոր 

Փայլք բերէ Նուպար Աֆէյեանին, այլ այն շրջադարձ պիտի դառնայ մարդկութեան համար, առողջապահութեան ոլորտին համար… 

Ահա լուրը՝ 

Moderna եւ Merck ընկերութիւնները յայտարարած են, որ իրենց մշակած անհատականացուած mRNA պատուաստանիւթը՝ intismeran autogene, մելանոմայի դէմ երրորդ փուլի փորձարկման մէջ յաջող արդիւնք արձանագրած է՝ Keytruda-ի հետ համադրուած։

Այս պատուաստանիւթը իւրաքանչիւր հիւանդի համար կը պատրաստուի՝ անոր ուռուցքին ծինային առանձնայատկութիւններուն հիմամբ։ Նպատակը դիմադրողական համակարգը «սորվեցնել» է ճանչնալ քաղցկեղային բջիջները եւ յարձակիլ անոնց վրայ։

Փորձարկումին մասնակցած են 1,137 հիւանդներ, եւ նախնական արդիւնքները յուսադրող են։

Այս յաջողութեան մէջ հայութեան համար առանձնայատուկ անուն մը կայ՝ Նուպար Աֆէեան, Moderna-ի համահիմնադիրներէն։

Դեռ վերջնական որոշում չկայ, իսկ պատուաստանիւթը ընդհանուր գործածութեան արտօնուած չէ։ Բայց եթէ ամբողջական տուեալները հաստատեն այս արդիւնքները, կրնայ բացուիլ քաղցկեղի անհատականացուած բուժման նոր էջ մը։

Նուպար Աֆէեան՝ 10/10։ Moderna՝ 10/10։