Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ Տան մէջ տեղի ունեցած այս հանդիպումը առանձնայատուկ նշանակութիւն կը կրէ՝ իրարու կողքի բերելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփը եւ Ամերիկայի հայութեան երեք համայնքները ներկայացնող հոգեւոր առաջնորդները։ Հանդիպումը, որուն նախաձեռնութիւնը եղած է Հայաստանի դեսպանատան եւ Սպիտակ Տան Հաւատքի գրասենեակի համագործակցութեամբ, առիթ հանդիսացաւ խօսելու ոչ միայն Հայաստան–Ամերիկա յարաբերութիւններուն, այլեւ քրիստոնէական հաւատքի, հոգեւոր արժէքներու, ազատութիւններու եւ աշխարհի խաղաղութեան մասին։
Յատկանշական էր նաեւ այն պահը, երբ հայ հոգեւոր առաջնորդները միասին աղօթքով աւարտեցին հանդիպումը՝ Սպիտակ Տան մէջ հնչեցնելով «Պահպանիչ» աղօթքը։
Այս մասին տեղեկութիւնը քաղած ենք ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ՝ լրատւութիւնը։
Չորեքշաբթի, 16 Սեպտեմբերին, Միացեալ Նահանգներու հայ հոգեւոր առաջնորդները, ընկերակցութեամբ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Նարեկ Մկրտչեանի, հանդիպեցան նախագահ Տոնըլտ Թրամփի, Սպիտակ Տան Հաւատքի գրասենեակի ղեկավար Փօլա Ուայթ-Քէյնի եւ նոյն գրասենեակի տնօրէն Ճէնիֆր Ս. Քորնի հետ։ Աննախընթաց այս հանդիպումը նախաձեռնած էր Հայաստանի դեսպանատունը՝ Սպիտակ Տան Հաւատքի գրասենեակի համագործակցութեամբ։
Հանդիպումին մասնակցեցան Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արքեպիսկոպոս, Արեւմտեան եւ Արեւելեան Թեմերու (էջմիածնական) Առաջնորդները՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս եւ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպիսկոպոս, Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի Հայ Կաթոլիկ Առաջնորդ Արհի. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանը եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան աւագ հովիւ Վեր. Հենրիկ Շահնազարեան։
Տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւններու, երկու ժողովուրդներու միջեւ քրիստոնէական-քաղաքակրթական կապերուն, ազատութիւններու, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղուած ջանքերուն շուրջ։ Ընդգծուեցաւ խաղաղութեան հաստատման եւ ժողովուրդներու միջեւ փոխըմբռնման ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը՝ ընդգծելով հաւատքի եւ հոգեւոր արժէքներու նշանակութիւնը։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահին փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ողջոյնները եւ յիշեցուց իրեն, որ երկրորդ ընտրութեան նախօրեակին, անձնապէս հեռաձայնելով Վեհափառ Հօր խնդրած էր անոր օրհնութիւնը։
Հանդիպումին ընթացքին, Գերշ. Տ. Յովնան Սրբազան հոգեշունչ աղօթք մը արտասանեց աշխարհի խաղաղութեան, եկեղեցւոյ ամրացման եւ Ամերիկայի իշխանութիւններուն համար, որմէ ետք ոսկեղնիկ գրաբարով հոգեւորականները միաբերան «Պահպանիչ» աղօթքով փակեցին այս հանդիպումը։
Հանդիպումէն առաջ, պատուիրակութիւնը առանձին տեսակցութիւն ունեցաւ Հաւատքի գրասենեակի ղեկավարութեան հետ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով եւ գնահատելով այս ջերմ համագործակցութիւնը։ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, իր կարգին, շնորհաւորեց այս նախաձեռնութիւնը եւ ըսաւ. «Ճիշդ է, որ սահմանադրական դրութեամբ պետութիւն եւ կրօնք իրարմէ բաժնուած են, այսուհանդերձ, ներկայ իշխանութեան մօտեցումը իւրայատուկ է իր տեսակին մէջ, որովհետեւ առանց շփոթելու իւրաքանչիւրին գործունէութեան դաշտը, երկուքը կամրջած է, որուն լաւագոյն արտայայտութիւնն է այսօրուան հանդիպումը, որ կը միտի ստեղծել առողջ ընտանիք, առողջ ընկերութիւն եւ առողջ ազգ»։

