ՀՀ Ազգային Ժողովի Կազմութեան Լոյսին ՏակՄեր այս դիտարկումներն ու գրառումները, ոչ սոսկական են, ոչ ալ երեւակայական, այլ՝ հիմնուած «տեսանելի ու շօշափելի» երեւոյթներու վրայ, որոնք կը հնչուին ու կ’արձանագրուին տարբեր, բայց ստոյգ հորիզոնականներու վրայ։
Այդուհանդերձ, հարցերուն-հարցը այն է, որ Հայաստանի խորհրդարանը պէտք է մնայ իր ուշագրաւ բարձունքին վրայ, իսկ անոր մաս կազմող «խռպոտած ու խռոված» երեւելի-աներեւելի կամ աներեւելի-երեւելի «Փանջունի»ները պիտի մնա՞ն «ջուր ծեծող»ի կամ «աչք ծակող»իի տխրահռչակ դերակատարութիւններուն մէջ։
Այս առիթով, դարձեալ փորձութեան կ’ենթարկուինք, մտածելու եւ ակնկալելու, որ ՀՀ Ազգային Ժողովը, կրնա՞յ թօթափուիլ իր նախկին մռայլ իրավիճակէն, դէպի կառուցողական նոր հեռանկար (թէեւ շատ յուսատու չենք, բայց, սպասողական ալ ենք)։
Հայաստանի խորհրդարանական-պատգամաւորական ընտրութիւններու գործընթացը, որ բաւական «պղտորեց ու ստուերեց» անոր ժողովրդավարական, օրինապահական, արդարամտական, օրէնսդրական ու նոյնիսկ՝ քաղաքական եւ արտայայտչական էութիւնը ու բովանդակութիւնը, կը մնայ այս ՍՏՈՒԳԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ, մեղմ ըսած, անհաճոյութեան, անբաւարարութեան եւ անընդունելիութեան անբաղձալի սահմաններուն մէջ։ ԱՌԱՋԻՆ արարով, ներքին (Հայաստան) թէ արտաքին (Սփիւռք) դէտերու ու հետեւորդներու, գիտակներու եւ իրազեկներու կոչերը, դիտարկումները, քննարկումները կամ անդրադարձները, որ այս ընտրութիւնները ըլլան պատմական, անշահադիտական եւ անանձնական, բոլորն ալ մնացին «ձայն բարբառոյի» լճացումին մէջ, որովհետեւ, բոլոր կողմերը, առաւել կամ նուազ չափերով, ոչ միայն խախտեցին ու խարխլեցին, այլեւ՝ գլխիվայր շրջեցին ամէն ինչ ու տուեալ, որ կ’ենթադրէր լրջութիւն, հասկացողութիւն եւ արժանապատուութիւն։
Ատոնք, իրենց զարտուղութիւններով եւ ապիկարութիւններով, իրօք, անպարկեշտութիւններ ու ցնորամտութիւններ էին, որոնք ոչ պատիւ ու վարկ կը բերեն Հայաստանի պետութեան ու հայ ժողովուրդին։ Օրին գրած էինք, որ իւրաքանչիւր շրջանակ, հոսանք կամ կազմակերպութիւն, առանց զիջելու իր դերէն ու համոզմունքներէն, անհրաժեշտ է որ ըմբռնէ ու զգայ, թէ՝ նման տնօրինումներ ինչո՞ւ համար հրատապութիւններ են, ինչո՞ւ պէտք է սատարել անոնց բարեյաջողութեանց եւ ինչո՞ւ հայրենիքին համար, խիստ հրամայականութիւն են, հաւատարիմ մնալ անկաշառութեան եւ անաչառութեան լծակներուն։
Սակայն, անխոհեմութեան, անճոռնիութեան եւ անփափկանկատութեան բոլոր բարքերը, միայն մրոտեցուեցան եւ ապականուեցան, խեղաթիւրուեցան եւ եղծանուեցան, խոշոր «արատ» մը դրոշմելով Հայաստանի գլխուն, թէեւ ընտրութիւնները, կաղնիկաղ կամ ոստումներով շարունակուեցան եւ… աւարտեցան, ոմանց գոհունակութիւն պատճառելով, ուրիշներու դժգոհութիւն, իսկ մաս մըն ալ մնաց գազազած։
Այս սրտխառնող տեսարաներու ԵՐԿՐՈՐԴ այլանդակ արարը սկսաւ, երբ խորհրդարանական ու կառավարական կազմերու ու նշանակումներու ՏԽՐԱՇՔԵՐԹՆԵՐԸ, ՏԽՐԱԴԵՐԵՐԸ ու ՏԽՐԱԽԱՂԵՐԸ երեւցան, համարեա բոլոր կողմերուն ու հարթակներուն վրայ, ընդհուպ, դատական, դատախազական, քննչական, դատավճռական համակարգերը եւս, այս կամ այն մասնակցութիւններով ընդգրկուեցան… «խաղացանկին ու խաղավայրին» մէջ։
Այլեւս, պէտք է պատկերացնել, թէ ի՜նչ խաղքեր, նենգութիւններ, ամբաստանութիւններ, մերկացումներ, մեղաւորներ եւ յանցագործներ յայտնուեցան ու հրապարակ նետուեցան, աժան եւ անարդար ձաբռտուքներով ու լուտանքներով։
Մինչ ինքզինք յաղթական հռչակող կուսակցութիւնը՝ «Քաղաքացիական պայմանագրութիւն»ը (իմա՝ իշխող իշխանութիւն), կը յոխորտար, թէ շահած է ընտրապայքարը, առանց սպասելու պաշտօնական արդիւնքներուն (վստահաբար, ի յառաջագունէ վստահ ըլլալով իր առաջնահերթութեան կարգին), անդին՝ ընդդիմութիւն կոչուած հատուածները, որոնք՝ առ այդ, ինքզինքնին կը պայթեցնէին, թէ իրենց նուաճումները արդէն արձանագրելի են, մինչդեռ ընտրական ընթացքին արդէն նախանշանները ցոյց կու տային, որ անոնք բզիկ-բզիկ դառնալ յորձանուտին մէջ թաղուած ըլլալու հաւանական պարտութեան մէջ կը գալարին եւ շուտով յայտնի դառնալով, դէպի ուր կ’ուղղուին անոնք։
Այս վերիվայրումները եւ ելեւէջները, եթէ ընդունելի են, որ Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ, տարիներէ ի վեր եւս կը գործադրուին, առանց զսպուածութեան կամ բարեշրջութեան նման դէպքեր, ապա, ի՞նչ պիտի ըսուէր կամ բաղդատուէր ընտրապայքարի մը ժամանակ երբ պահերը եկան ապացուցելու, որ նոյն «թխուածք»ը եւ «ծեծուածք»ը կրնայի՞ն տարբեր հունաւորում ունենալ, ի դէմս բուռն կիրքերու ու կոշտ նեւրերու սուր լարուածութիւններու ու բռնկումներու, մինչեւ իսկ հասնելով թշնամական ոճրարարքներու (օրինակները բազմաթիւ են ու մինչեւ հիմա կը շարունակուին)։
ԵՐՐՈՐԴ արարը սկիզբ կ’առնէր, երբ պատգամաւորներու թիւը եւ ինքնութիւնները յայտնի դարձան, իրենց աթոռներով, հանգամանքներով, դիրքերով ու պաշտօններով, երկար-բարակ անհիմն ու ծիծաղելի պատկերներով ու դիմանկարներով։ (Թերեւս ամենէն մեծ խայտառակութիւնը, անշնորհքութիւնը եւ ինքնապատուազրկութիւնը ընդդիմութեան ուղղուած է, ի շարս այլ ձախաւերութիւններու, իբրեւ բողոք, իրենց դէմ կատարուած անիրաւութիւններուն (՞) եւ յաջողած պատգամաւորները, սպառնալով իրենց «մանտադ»ները (լիազօրագիրները) վար դնելու կամ չստանձնելու, սակայն, ատոնք աժան եւ անտեղի փորձեր եղան, պարզապէս անիմաստ ցուցադրութիւն մը եւ իրապէս ալ այդպէս եղաւ, երբ անոնք սուսիկ-փուսիկ մուտք գործեցին խորհրդաղրան եւ առօք-փառօք բազմեցան իրենց փափուկ աթոռներուն վրայ։
Միակ տուժողը եղաւ… Պրն. Քոչարեանը, որ, ինչպէս նախորդ անգամուն, այժմ ալ՝ չվերցուց «մանդատ»ը, նոյնիսկ փորձելով փախչիլ… արտասահման, սակայն, ապարդիւն, որովհետեւ գիտէր, թէ այս անգամ իր գլխուն կայ անխուսափելի «օյին» մը։
Հետեւաբար, եթէ գիտէր, այլեւ փորձուած էր, որ անհանդուրժելի եւ անսահմանելի «մեղք»երով ողողուած է, թէեւ ուշացած, բայց, ոչ ուշ, պիտի յանձնուի արդարութեան եւ ստանայ համապատասխան պատիժ)։
Ուրեմն, պատգամաւորական 9րդ ժողովը, ազդանշանը տուաւ, իր յանձնաժողովներու լրիւ կազմութեան, սկսելու նոր հնգամեայ տարեշրջանը, այն փխրուն ու միամիտ հաւատքով, թէ ամէն ինչ կրնայ ընթանալ բարւօք, եթէ ոչ հեզասահ ու հանդարտ, գոնէ համակերպելի թոյլ գործընթացով։
Բայց, պարտուած ու մեկուսացած ընդդիմութիւնը չէր կրնար մարսել իր պոռոտախօսութեան անկումը, հետեւաբար, վճռուած էր նոյն (եւ աւելի) ուժգին ներկայութիւն մը ցուցաբերել, փորձելով վարկաբեկել կամ աքցանել, իրեն համար, «անհանդուրժելի» իշխող-մրցակից կողմը։
Արդէն, երբ կ’ակնկալուէր, որ խորհրդարանը իր նիստերը սկսէր, կենդանի, շնչող, այժմէական եւ յուսադրող օրակարգերով, խարխլած ու խափանուած ընդդիմադիր բեկորներէն ոմանք, առանց ամչնալու ու խպնելու, յայտնապէս ալեկոծումի դիմելու դիտաւորութեամբ, այնպիսի հարցերու մէջ մխրճուեցան ու թունաւորեցին մթնոլորտը, ցոյց տալով իրենց թուխ ու մուգ, ծուռ ու ոխակալ դիմագիծերը, երբ օրուան նախագահութեան հասցէին, նաեւ այլոց դէմ, իրենց ճաթռտած գոռոցները հանդէս եկան։
Ազգային Ժողովի նորընտիր նախագահը՝ Ռուբէն Ռուբինեան, բաւական կիրթ ու համարձակ ձեւակերպումներով, բացատրեց ու պահանջեց, որ ամէն ոք, մնայ իր սահմանին եւ իրաւունքներուն մէջ, առանց երթալու ծայրայեղութիւններու եւ անուանարկումներու, առանց զիջելու իր համոզմունքներէն, գաղափարներէն կամ կողմնորոշումներէն։ Որո՞ւն կ’ըսուի, երբ մարդուկ ամբոխավարներու կոյտ մը, մոռնալով ամէն պատշաճութիւն ու կրթութիւն, կարծես «պատերազմ»ի դաշտ եկած էր ու կրնար, իր խելակորոյս մտքերով ու խօսքերով, գրգռել մթնոլորտը եւ աղաւաղել չափանիշները։
Իսկ երբ Նարեկ Կարապետեան կոչեցեալը, որ Հայաստանէն ներս, ոչ վարկ, ոչ անուն, ոչ ալ աւանդ ու փորձ ունի, բացի ըլլալէ իր «հոպար»ին, բազմահարուստ եղբօրորդին, սին բանավէճի մէջ մտնելով իր պաշտօնակիցներէն մէկուն հետ, զայն անուանեց… «հորթ», ինչ որ մթնոլորտը ելեկտրականացուց, խառնաշփոթ ստեղծելով, մինչեւ որ՝ Պրն. Ռուբինեան բեմէն վար իջաւ, զուսպ զրոյց մը ունենալով Նարեկին հետ, ապա, զգուշացնելով, որ, յետայսու, անզիջող պիտի ըլլար որեւէ նման վիրաւորական արարքի մը պարագային։
Արդեօ՞ք, այս եւ նման արտայայտութիւնները վերջ պիտի ունենան կամ զսպուին, երբ դիտարկելի եւ ակնկալելի է, որ կրնան շարունակուիլ ու տարածուիլ, որովհետեւ այդ «մութ ծրագիր»ներով կը միտին խանգարել ամէն ինչ։ Բայց, ինչպէ՞ս դիտել տուի, նախագահ Ռուբինեան, իր խիստ ու սկզբունքային ընթացքով, անկասկած, այդպիսիները ոչ միայն պիտի զսպէ, այլեւ ենթարկէ խորհրդարանական արգելակիչ միջոցառումներու։
Իսկ «Հայաստան Դաշինք»ի պատգամաւոր եւ այժմ ալ անոր վարչական պատասխանատու՝ Տիկ. Աննա Գրիգորեանը, որ ինքզինք կը նկատէ «Երկաթեան (անհեթեթ) Թաչըր» մը, նաեւ ապագայական… վարչապետուհի մը (զո՜ւր տեղը), քանի իր չափազանցեալ ինքնահաւանութեամբ եւ ինքնատեսութեամբ, այդ յաւակնութենէն չի կրնար հեռու թռչիլ եւ մնալ իր սահմաններուն մէջ, փոխանակ՝ ասոր-անոր դէմ գաւազան ու թոյլ թափելու, չմոռնալով որ՝ երեք կուսակցութիւն փոխելով, ոչ սկզբունքային, ոչ գաղափարական, ոչ ալ իրատեսական կրնայ ըլլալ, մնաց որ՝ իր ամուսնոյն վարկն ու վարքն ալ, կ’ըսուի, բաւական խոցելի է։
Մեր այս դիտարկումներն ու գրառումները, ոչ սոսկական են, ոչ ալ երեւակայական, այլ՝ հիմնուած «տեսանելի ու շօշափելի» երեւոյթներու վրայ, որոնք կը հնչուին ու կ’արձանագրուին տարբեր, բայց ստոյգ հորիզոնականներու վրայ։ Այդուհանդերձ, հարցերուն-հարցը այն է, որ Հայաստանի խորհրդարանը պէտք է մնայ իր ուշագրաւ բարձունքին վրայ, իսկ անոր մաս կազմող «խռպոտած ու խռոված» երեւելի-աներեւելի կամ աներեւելի-երեւելի «Փանջունի»ները պիտի մնա՞ն «ջուր ծեծող»ի կամ «աչք ծակող»իի տխրահռչակ դերակատարութիւններուն մէջ։
Այս առիթով, դարձեալ փորձութեան կ’ենթարկուինք, մտածելու եւ ակնկալելու, որ ՀՀ Ազգային Ժողովը, կրնա՞յ թօթափուիլ իր նախկին մռայլ իրավիճակէն, դէպի կառուցողական նոր հեռանկար (թէեւ շատ յուսատու չենք, բայց, սպասողական ալ ենք)։
Պարոյր Աղպաշեան
(Պէյրութ)