image

Գերշ. Տ. Անուշաւան Սրբազան՝ 11 Սեպտեմբերի զոհերու յիշատակին Նիւ Եորքի մէջ

Գերշ. Տ. Անուշաւան Սրբազան՝ 11 Սեպտեմբերի զոհերու յիշատակին Նիւ Եորքի մէջ

11 Սեպտեմբերի ողբերգութիւնը, որ 25 տարի առաջ ցնցեց աշխարհը, կը շարունակէ իր խոր հետքը պահել յիշողութեան մէջ։ Այդ զոհերուն յիշատակը յարգելու համար Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած միջ-եկեղեցական աղօթքին մասնակցած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի պաշտօնական էջէն։

Ուրբաթ, 11 Սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեանի՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, եւ Բարեշնորհ Պետրոս Սրկ. Գալայճեանի, մասնակցեցաւ Ս. Նիկողայոս յունական ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ միջ-եկեղեցական աղօթքին։

Խօսք առին Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Առաջնորդ՝ Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոս, Նիւ Եորքի քաղաքապետ Զոհրան Մամտանի, ինչպէս նաեւ քաղաքիս պետական ծառայութիւններու եւ յոյն համայնքի անձնաւորութիւններ, որոնք բաժնեցին իրենց վկայութիւնները 11 Սեպտեմբեր, 2001-ի աղէտալի դէպքերուն մասին։