Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Արաբական պետութիւններու լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նապիլ Ֆահմիի հետ քննարկած է Պարսից ծոցի մէջ տիրող իրավիճակը։ Այս մասին նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։
«Տեղի ունեցած է Մերձաւոր Արեւելքի հրատապ օրակարգին վերաբերող հանգամանալից քննարկում՝ հաշուի առնելով Պարսից ծոցին մէջ տիրող պայթիւնավտանգ իրավիճակը, որ յառաջացած է Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի յարձակման հետեւանքով», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան՝ քննարկուած է նաեւ պաղեստինա-իսրայէլեան հակամարտութեան գօտիին մէջ, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը։
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի շրջածիրէն ներս տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են նաեւ Ռուսիոյ եւ Արաբական պետութիւններու լիկայի միջեւ համագործակցութեան հետագայ ամրապնդման վերաբերող գործնական հարցեր։