image

Նորվեկիան աւելի քան 13 մլն տոլարի աջակցութիւն պիտի տրամադրէ պաղեստինցիներուն

Նորվեկիան աւելի քան 13 մլն տոլարի աջակցութիւն պիտի տրամադրէ պաղեստինցիներուն

Նորվեկիոյ կառավարութիւնը Հինգշաբթի՝ 24 սեպտեմբերին յայտարարած է, որ լրացուցիչ 125 միլիոն նորվեկիական քրոն (13.17 միլիոն տոլար) պիտի տրամադրէ բռնագրաւուած պաղեստինեան տարածքներուն՝ ՄԱԿ-ի եւ Համաշխարհային դրամատան միջոցով։ Այս մասին կը յայտնէ Reuters-ը։

Նորվեկիա 2024-ին ճանչցած է Պաղեստինի պետութիւնը եւ կը նախագահէ պաղեստինցիներուն աջակցող միջազգային նուիրատուներու խումբին։

Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսփէն Պարթ Էյտէն յայտարարած է, որ միջազգային աջակցութեան անհրաժեշտութիւնը «երբեք այսքան մեծ չէ եղած»։

Էյտէն նաեւ քննադատած է գրաւուած Յորդանան գետի արեւմտեան ափին մէջ իսրայէլեան բնակավայրերու ընդարձակման քաղաքականութիւնը։