image

Դոկտ. Իսահակ Անտէքեան՝ Զահլէէն դէպի միջազգային ակադեմական բեմ

Դոկտ. Իսահակ Անտէքեան՝ Զահլէէն դէպի միջազգային ակադեմական բեմ

Գիրքը արժանացած է նաեւ ակադեմական ուշագրաւ գնահատականներու։ Միջազգային իրաւաբան եւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի նախկին թեկնածու փրոֆ. Շըպլի Մալլաթ գիրքը բնորոշած է իբրեւ կարեւոր հետազօտական աշխատանք մը, որ 2019–2020-ի ընդվզումը հասկնալու համար կը համադրէ մեծ թիւով հարցազրոյցներ, տուեալներ եւ վիճակագրութիւններ։ Ան ընդգծած է, որ ուսումնասիրութիւնը ամուր հիմք մը կը ստեղծէ, որպէսզի ապագայի հետազօտողներն ու վերլուծաբանները կարենան իրենց աշխատանքները կառուցել այս տուեալներուն վրայ։

Դոկտ. Սահակ Անտէքեանի նոր յաջողութիւնը անգամ մը եւս կը փաստէ, թէ լիբանանահայութեան մտաւոր ներուժը կրնայ հասնիլ միջազգային գիտական ամենաբարձր շրջանակներուն։ Միջազգային հեղինակաւոր ակադեմական հրատարակչատուներէն հանդիսացող՝ Bloomsbury Academic-ը, հրապարակած է Դոկտ. Անտէքեանի նոր աշխատութիւնը «Lebanon’s Year of Crisis (2019–2020): Unity in Adversity» ընդհանուր խորագրով։

256 էջերէ բաղկացած ուսումնասիրութեան ներածականին մէջ առանձին բաժին մը յատկացուած է «The Case Study: Zahle» խորագրին, ինչ որ կը հաստատէ Զահլէի առանցքային արժէքն ու տեղը ուսումնասիրութեան ընդհանուր կառուցուածքին մէջ։

Դոկտ. Անտէքեան , դաշտային ուսումնասիրութեան, քանակական եւ որակական վերլուծութեան համադրուած մեթոտաբանութեամբ, կը քննէ այն չորս մեծ ճգնաժամերը, որոնց Լիբանանի բնակչութիւնը առերեսուեցաւ իրարու յաջորդող փուլերով՝ ֆինանսական եւ տնտեսական փլուզումը, 17 Հոկտեմբեր 2019-ի ապստամբութիւնը, Քովիտ-19 համավարակը եւ 4 Օգոստոս 2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը։

Ուսումնասիրութիւնը կեդրոնացած է նաեւ ընկերային համախմբուածութեան՝ (social cohesion) մակարդակներուն, համայնքային եւ քաղաքական ինքնութիւններուն, լիբանանցիներու մտահոգութիւններուն ու յոյսերուն, ինչպէս նաեւ այն հարցին վրայ, թէ կուտակուած ճգնաժամերը կրնա՞ն վերածուիլ ընկերային տարբեր խմբաւորումներու միջեւ բախումներու պատճառի, թէ՞ ընդհակառակը՝ ազգային աւելի ամուր ինքնութեան մը կառուցման շարժիչ ուժին։

 Հեղինակը միաժամանակ կը ներկայացնէ հակամարտութիւններու ուսումնասիրութեան նոր տեսական մօտեցում մը՝ շեշտը դնելով ընկերային համախմբուածութեան չափելիութեան վրայ։ Ըստ այս մօտեցումին՝ որեւէ ընկերութեան մէջ ընկերային համախմբուածութեան մակարդակի նուազումը կը բարձրացնէ տարբեր խմբաւորումներու միջեւ հակամարտութեան ծագման հաւանականութիւնը, մինչդեռ համախմբուածութեան բարձր մակարդակը կը նպաստէ լարուածութիւններու նուազման եւ կայունութեան ամրապնդման։

Գիրքը արժանացած է նաեւ ակադեմական ուշագրաւ գնահատականներու։ Միջազգային իրաւաբան եւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի նախկին թեկնածու փրոֆ. Շըպլի Մալլաթ գիրքը բնորոշած է իբրեւ կարեւոր հետազօտական աշխատանք մը, որ 2019–2020-ի ընդվզումը հասկնալու համար կը համադրէ մեծ թիւով հարցազրոյցներ, տուեալներ եւ վիճակագրութիւններ։ Ան ընդգծած է, որ ուսումնասիրութիւնը ամուր հիմք մը կը ստեղծէ, որպէսզի ապագայի հետազօտողներն ու վերլուծաբանները կարենան իրենց աշխատանքները կառուցել այս տուեալներուն վրայ։

Իր կարգին, դոկտ. Էլի Հընտի, Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու Ամերիկեան համալսարանի անվտանգութեան եւ ռազմավարական ուսումնասիրութիւններու բաժանմունքի նախագահ եւ միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս, գիրքը գնահատած է իբրեւ փաստերու վրայ հիմնուած վերլուծութիւն մը, որ ի յայտ կը բերէ ճգնաժամերու տարիներուն լիբանանեան պետութեան մէջ ի յայտ եկած խորքային կառուցուածքային ճեղքերը։

Գիրքին հրապարակումը նաեւ կարեւոր հանգրուան մըն է Դոկտ. Անտէքեանի գիտական ուղիին մէջ, որուն արմատները կը հասնին Զահլէ, իսկ զարգացումը՝ Միացեալ Նահանգներու եւ միջազգային ակադեմական միջավայրեր։ Այս աշխատանքով լիբանանցի հետազօտողը իր երկրի ու տարածաշրջանի խնդիրները կը տեղափոխէ տեղական օրակարգէն դէպի միջազգային գիտական քննարկումներու դաշտ։ 

Մեր հետեւորդներուն յիշեցնենք, որ Զահլէ-Մուալլաքա ծնած դոկտ. Իսահակ Անտէքեան ներկայիս կը պաշտօնավարէ որպէս օգնական դասախօս եւ միջազգային հակամարտութիւններու կառավարման մասնագէտ՝ Միացեալ Նահանգներու Աթլանտայի Georgia State University-էն ներս։ Իր ակադեմական եւ հետազօտական հետաքրքրութիւններու առանցքին կը գտնուին միջազգային հակամարտութիւնները, խաղաղութեան հարցերը, քաղաքականութիւնը եւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող փոխակերպումները։

«Արեւելք» յաջողութիւն կը մաղթէ ակնառու ակադեմական գործիչին, վստահ ըլլալով, որ  ան փայլ պիտի բերէ լիբանանեան խնդիրները հետազոտող ու ներկայացնող գործիչներու ոսկեայ տոմարին։