image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլի վերջին հարուածներու հետեւանքով Կազայի մէջ նոր զոհեր

Իսրայէլի վերջին հարուածներու հետեւանքով Կազայի մէջ նոր զոհեր

Վերջին 48 ժամերուն ընթացքին Կազայի հատուածին դէմ Իսրայէլի նոր յարձակումներուն հետեւանքով առնուազն ինը պաղեստինցի զոհուած է, 18 հոգի վիրաւորուած է։ Այս մասին կը յայտնէ Aljazeera-ն։

Կը նշուի, որ 2023 թուականի Հոկտեմբեր 7-էն ի վեր Կազայի դէմ Իսրայէլի օդային հարուածներուն հետեւանքով զոհուած է առնուազն 73,449 պաղեստինցի, իսկ 174,472 հոգի վիրաւորուած է։

Անցեալ տարուան «հրադադարի» հաստատումէն ի վեր զոհուած է առնուազն 1,313 պաղեստինցի, իսկ 4,361-ը՝ վիրաւորուած։