ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 81-րդ նստաշրջանի շրջածիրէն ներս տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հանդիպումը:
Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման:
Ընդգծուած է կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու կարեւորութիւնը եւ յարաբերութիւններուն նոր ազդակ հաղորդելու պատրաստակամութիւնը: Այդ առումով, կողմերը անհրաժեշտ նկատած են առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու խթանման, գործարար շրջանակներու միջեւ կապերու ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ Անիի պատմական կամուրջի համատեղ վերականգնման միտուած աշխատանքներու հետեւողական իրականացումը:
Կարծիքներ փոխանակուած են նաեւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ:
Փաշինեան եւ Էրտողան շեշտած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման փաստը՝ վստահութիւն յայտնելով, որ անիկա էական ազդեցութիւն պիտի ունենայ տարածաշրջանային համագործակցութեան զարգացման մէջ: Այդ պարունակին մէջ ընդգծուած է «Թրամփի ուղի» նախագիծի իրագործման ու տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման անհրաժեշտութիւնը: