image

Չինաստանը եւ ԱՄՆ-ը պէտք է հարթեն խաղաղ գոյակցութեան ուղին. Սի Ծինփին

Չինաստանը եւ ԱՄՆ-ը պէտք է հարթեն խաղաղ գոյակցութեան ուղին. Սի Ծինփին

Չինաստանին եւ Միացեալ Նահանգներուն անհրաժեշտ է միջոցներ ձեռնարկել՝ խաղաղ գոյակցութեան ուղի հարթելու համար։ Այս մասին նշուած է Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան նախագահ Սի Ճինփինկի գրուած ուղերձին մէջ, որ հրապարակուած է Չինաստանի կեդրոնական հեռատեսիլի կողմէ ԱՄՆ կատարած անոր պետական այցելութեան առաջին օրը։

«Երկու կողմերուն հարկաւոր է հարթել ճիշդ ուղի դէպի նոր դարաշրջան, ուր երկու մեծ տէրութիւնները՝ Չինաստանն ու ԱՄՆ-ը, խաղաղութեամբ կը գոյակցին», նշած է նախագահը։

«Կը յուսամ Թրամփի հետ հանգամանալից միտքեր փոխանակել մեր երկիրներու յարաբերութիւններուն եւ համաշխարհային իրավիճակին վերաբերող կարեւոր հարցերու շուրջ, շարունակաբար հարստացնել Չինաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ռազմավարական կայունութեան կառուցողական յարաբերութիւններու բովանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդլայնել մեր երկիրներուն միջեւ բոլոր ոլորտներուն մէջ փոխանակման եւ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները», ընդգծած է Չինաստանի նախագահը։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ՝ Սեպտեմբերի 23-ին, Սի Ճինփինկ ժամանած էր ԱՄՆ, ուր զինք անձամբ դիմաւորած էր Տոնըլտ Թրամփ։

Ինչպէս յայտարարած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան նախագահին պետական այցելութիւնը ԱՄՆ պիտի տեւէ Սեպտեմբերի 23-էն 25-ը։ Թրամփ Չինաստան այցելած էր Մայիսի 13-15-ին։