Մոսկուան ի գիտութիւն կ'ընդունի եւ հաշուի կ'առնէ Երեւանի դիրքորոշումը, որ Հայաստանը Ռուսիոյ դաշնակիցը չէ Ուքրանիոյ հակամարտութեան մէջ։ Այս մասին 2 յունիսին լրագրողներուն ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։
«Սա կարեւոր յայտարարութիւն է, մենք գիտենք, որ Հայաստանի մօտեցումներուն մէջ կան որոշակի նրբերանգներ Ուքրանիոյ շուրջ հակամարտութեան վերաբերեալ, մենք ատոնք հաշուի կ'առնենք, գիտենք»,-ըսած է Փեսքով։
Փեսքով նաեւ ընդգծած է, որ իրենք կը շարունակեն զարգացնել հայեցակարգային դաշնակցային յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ։