image

ՀՅԴ-ն Արմատական ընդդիմութեան գլխաւոր ներկայացուցիչ

ՀՅԴ-ն  Արմատական ընդդիմութեան գլխաւոր ներկայացուցիչ

Հայ Յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութիւնը հանդէս պիտի գայ որպէս արմատական ընդդիմութիւն  եւ պիտի գործադրէ քաղաքական պայքարի բոլոր հնարաւոր միջոցները՝ գործող իշխանութիւնը հեռացնելու համար: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսուած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Ժողովի յայտարարութեան մէջ, որ ասուլիսի ժամանակ ներկայացուց Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը:

Երեւանի մէջ 2-4 Յուլիսին տեղի ունեցած է ՀՅԴ Հայաստանի 24-րդ Գերագոյն ժողով: Ժողովի աւարտին ընտրուած է Գերագոյն մարմնի նոր կազմ, ընդունուած է յայտարարութիւն:

Իշխան Սաղաթէլեանը ներկայացուցած է ժողովէն ետք ընդունուած յայտարարութիւնը:

«Ժողովը, քննելով ՀՀ-ում ստեղծուած քաղաքական, անվտանգային իրավիճակը, տեղի ունեցած ընտրական եւ յետընտրական գործընթացները, երկրում առկայ բարոյահոգեբանական մթնոլորտը, արձանագրում է, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները չյանգուցալուծեցին երկրում արդէն տեւական ժամանակ շարունակուող քաղաքական եւ ներհասարակական ճգնաժամը»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Նաեւ նշուած է,  թէ գործող իշխանութիւնը 20 Յունիսին կայացած ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններուն զանգուածաբար գործի դրած է վարչական, նիւթական լծակներ: Յայտարարութեան մէջ յիշեցում եղած է, որ ՀՅԴ-ն արտահերթ ընտրութիւններուն գործընկերներու հետ ձեւաւորած է «Հայաստան» դաշինքը՝ մասնակցութիւն ունենալով ընտրապայքարին: Ըստ յայտարարութեան՝ «Հայաստան» դաշինքը դարձած է գործող իշխանութեան իրական եւ գլխաւոր այլընտրանքը:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ ՀՅԴ-ի Հայաստանի Գերագոյն Ժողովը, ելլելով ստեղծուած իրավիճակէն, հետամուտ պիտի ըլլայ իշխանութեան հեռացման պայքարին, հանդէս պիտի  գայ իբրեւ արմատական ընդդիմութիւն, պիտի գործադրէ քաղաքական պայքարի բոլոր հնարաւոր միջոցները: Նշուած է նաեւ, որ ՀՅԴ-ն «Հայաստան» դաշինքի հետ յարգանքի եւ վստահութեան հենքով պիտի շարունակէ գործընկերութիւնը՝ համատեղ ուժերով ընդհանուր նպատակներու իրագործման ուղղութեամբ, հաւատարիմ պիտի ըլլայ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման, տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման, տեղահանուած անձանց իրաւունքներու պաշտպանութեան պայքարին:

Յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ հայրենիքը, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները, Հայոց բանակը եւ ժողովուրդի ապագան վտանգի մէջ են: Այսպիսով ՀՅԴ Գերագոյն մարմինը կոչ կ'ընէ իր կուսակցական շարքերուն, երկրի ապագայով մտահոգ հայրենակիցներուն շարունակելու վճռական պայքարը՝ օր առաջ գործող իշխանութիւնը հեռացնելու եւ ուժեղ Հայաստան կառուցելու համար: