image

Հրապարակուած են նախագահ Մաքրոնի եւ Ֆէյրուզի հանդիպման լուսանկարները

Հրապարակուած են նախագահ Մաքրոնի եւ Ֆէյրուզի հանդիպման լուսանկարները

Երէկ երեկոյեան նախագահ Մաքրոնի եւ լիբանանցի մեծ երգչուհի Ֆէյրուզի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման լուսանկարները արդէն հրապարակուած են:

Նշենք, որ ֆրանսայի նախագահը, որ երկօրեայ այցով ժամանած էր Պէյրութ, օդակայան հասնելէն անմիջապէս ետք մեկնած է Ռապիէ շրջան, յատուկ այցելութիւն մը տալու Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի մեծ տիւա` երգչուհի Ֆէյրուզին:

Հանդիպման մասին ոչ մէկ մանրամասնութիւն ցարդ հրապարակուած է։

Նշենք, որ նախագահ Մաքրոն հանդիպման աւարտին «Ալ-Ժատիտ» կայանի լրագրող Ռաշէլ Քարամին հետ խօսելով, նշած էր, որ այս այցելութիւնը խորհրդանշական բնոյթ ունի, այն իմաստով, որ Ֆէյրուզ կը ներկայացնէ ոչ միայն լիբանանցիներու արուեստը, այլ ան հանդիսացած է Արեւելքի խորհրդանիշներէն մէկը:

Մաքրոն նաեւ նշած է, որ իր համար շատ սիրելի երգ է Ֆէյրուզի մեկնաբանած «Լի Պայրութ» («Պէյրութին համար») նշանաւոր երգը: