Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին այսօր կը նշէ Տիրոջ մօր՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի վերափոխման տօնը։
Կը նշուի 15 Օգոստոսին ամէնէն մօտիկ Կիրակի օրը (12-18 Օգոստոս): Տօնը ունի Շաբաթապահք, Նաւակատիք եւ Մեռելոց:
Աստուածածնի Վերափոխման գաղափարը հին է, ինչպէս ցոյց կու տայ Աստուածամօր նուիրուած արձակն ու բանաստեղծութիւնը։ Սակայն, ան եկեղեցական հիմնական վարդապետութիւն չէ դարձած մինչեւ 9-րդ դար, իսկ միայն 12-րդ դարուն է, որ տօնը «Վերափոխում» անունը ստացած է։
Տօնը, որ կը համարուի մեր եկեղեցւոյ տաղաւար տօն, որուն ընթացքին կը մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, կը նշանաւորուի Խաղողօրհնէքի իմաստալից արարողութեամբ։
Բարօրութեան խորհրդանիշ հանդիսացող խաղողը մեր ժողովուրդին համար միշտ ալ հանդիսացած է առատ բերքի, խաղաղութեան եւ Քրիստոսի արիւն հանդիսացող գինիի խորհրդանիշ։
Այս տօնը, Ս. Մարիամ Աստուածածնի «ննջման» եւ «երկինք փոխադրուել»ուն յիշատակն է, որ ընդհանրապէս կ՚անուանուի «Աստուածածին», երբեմն ալ՝ «Փոխում»ն կամ «Ննջում»ն անուններու տակ։ Եւ քանի որ Եկեղեցին կ՚ընդունի, թէ Քրիստոս Ի՛նք եկաւ իր Մայրը փոխադրելու երկինք, այս տէրունի տօնին յիշատակութիւնը կը կատարուի՝ «Գալուստ ի փոխումն մօր»ն բացատրութեամբ։ Աստուածածնի նուիրուած տօներէն կարեւորագոյնն է «Վերափոխման» տօնը, քանի որ արդէն ան «տաղաւար» տօներէն մէկն է ընդունուած եւ կը տօնուի որպէս «Տաղաւար Տօն»։
Յիշեցնենք նաեւ, որ այսօրուան խորհուրդին մէջ է Մարիամ անուան անուանակոչութեան տօնը, որուն շնորհիւ ալ մեր ժողովուրդը իր յարգանքի տուրքը կը մատուցէ Սուրբ Մարիամ Աստուածամօր։