image

Լաւրով ներկայ պիտի ըլլայ Փութին- Թրամփ հանդիպման

Լաւրով ներկայ պիտի ըլլայ Փութին- Թրամփ հանդիպման

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն օգոստոսի15-ին Ալասքայի մէջ պիտի մասնակցի Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ-ի նախագահներու գլխաւորութեամբ կայանալիք գագաթնաժողովին։ Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ մամուլի բաժնի փոխտնօրէն Ալեքսէյ Ֆատէեւը։

«Ինչպէս յայտնի է, յատկապէս նախորդ վարչակազմերու օրօք երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները զգալիօրէն վատթարացած են։ Մենք կը կարծենք, որ այս հանդիպումը պէտք է թոյլ տայ առաջնորդներուն կեդրոնանալ կուտակուած բոլոր հարցերու քննարկման վրայ՝ ուքրանական ճգնաժամէն մինչեւ բնականոն երկկողմ երկխօսութեան հաստատման խոչընդոտները, որոնք առաջնային նշանակութիւն ունին միջազգային խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման առումով», – ընդգծած է Ֆատէեւը։