image

Գերմանիա. Համայնքային նուիրեալ գործիչ՝ Կարօ Կարապետեանի կորուստը

 Գերմանիա. Համայնքային նուիրեալ գործիչ՝ Կարօ Կարապետեանի  կորուստը

Օրերս Գերմանիոյ Բադեն-Վիւրթեմբերգ քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքած է համայնքի նուիրեալ գործիչներէն՝ Կարօ Կարապետեան։

 Ստորեւ այդ առթիւ համայնքային մարմնի հրապարակած կարճ մահագրականը։

Բադեն-Վիւրթեմբերգի Հայ Համայնքի հոգեւոր հովիւ Տիրատուր քհն. Սարդարեան, Համայնքիս վարչութիւնն ու Սուրբ Խաչ Եկեղեցվոյ երգչաչումբին անդամները սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն՝

Համայնքիս անդամ ու Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ երգչախմբի երկարամեայ անդամ՝

Տեար Կարօ Կարապետեանի մահը,

որ պատահեցաւ 31 Յուլիս 2025-ին, Էսլինգենին մէջ:

Հանգուցեալ ԿարՕ Կարապետեան երկար տարիներ համայնքիս եւ երգչախմբիս անդամ եղած է եւ նուիրումով ծառայած է Գերմանահայոց Թեմէն ներս։ Եղած է հիմնադիր անդամ «Մարալ» Էսլինգեն Միութեան եւ աջակից Հայ-Գերմանական Ընկերակցութեան:

Այս տխուր առիթով, մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք եւ Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնը կը հայցենք Կարապետեան ընտանիքին եւ հանգուցեալի հարազատներուն, աղօթելով առ բարձեալն Աստուած, որ հանգուցեալի հոգին խաղաղութեան մէջ պահէ եւ Երկինքի Արքայութեան արժանացնէ:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի: