image

Վիճայարոյց «Զանգեզուրի միջանցք»ը հանուած է եւ փոխարինուած Հայաստանի լիակատար ինքնիշխանութեան ներքոյ տարանցիկ ճանապարհով․ Իրանի կառավարութեան խօսնակ

Վիճայարոյց «Զանգեզուրի միջանցք»ը հանուած է եւ փոխարինուած Հայաստանի լիակատար ինքնիշխանութեան ներքոյ տարանցիկ ճանապարհով․ Իրանի կառավարութեան խօսնակ

Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը կ'աջակցի ցանկացած գործընթացի, որ կը յանգեցնէ բախումներու դադրեցման, լարուածութեան նուազեցման եւ հաստատուն կայունութեան ստեղծման, ըսած է Իրանի կառավարութեան խօսնակ Ֆաթիմա Մոհաճերանի իրանական թերթով հրապարակուած յօդուածին մէջ, հաղորդած է IRNA։

«Ի հարկէ, այս աջակցութիւնը պայմանական է եւ հիմնուած է տարածաշրջանային երկիրներու կողմէ համաձայնեցուած սկզբունքներուն վրայ».- գրած է Մոհաճերանի։

Ան ընդգծած է Թեհրանի երեք անսասան սկզբունքները՝ երկիրներու լիակատար ինքնիշխանութեան պահպանումը իրենց տարածքին մէջ, բոլոր պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութիւնը եւ միջազգային սահմաններու ցանկացած փոփոխութեան նկատմամբ վճռական դիմադրութիւնը՝ աւելցնելով, որ Պաքուի եւ Երեւանի վերջին համատեղ յայտարարութիւնը հաշուի առած է այդ սկզբունքները։

Մոհաճերանի ընդգծած է, որ հիմնական փոփոխութիւններէն մէկը վիճայարոյց «Զանգեզուրի միջանցքի» ծրագրի չեղեալ համարելն է։

«Կողմերու կարծիքով՝ «միջանցքը» հանուած է, փոխարինուելով Հայաստանի լիակատար ինքնիշխանութեան ներքոյ տարանցիկ ճանապարհով»,- ըսած է ան՝ փոփոխութիւնը որակելով «դրական եւ ողջամիտ», քանի որ այն ե՛ւ կը պաշտպանէ ինքնիշխանութիւնը, ե՛ւ թոյլ կու տայ տնտեսական համագործակցութեան։

Ան ընդգծած է նաեւ, որ կայուն լուծումները պէտք է բխին տարածաշրջանային երկիրներու միջեւ համագործակցութենէ եւ երկխօսութենէ եւ ոչ թէ արտաքին ճնշումէ։

Մոհաճերանի եզրակացուցած է, որ Իրան պատրաստ է գործել որպէս «պատասխանատու հարեւան եւ յուսալի գործընկեր», եթէ համաձայնագիրը պաշտպանէ ինքնիշխանութիւնը, կայունութիւնը եւ տարածաշրջանային համագործակցութիւնը։