image

Մոնթրէալ. ՀՕՄ-ի կազմակերպութեամբ հաւաքոյթ-ճաշկերոյթ

Մոնթրէալ. ՀՕՄ-ի կազմակերպութեամբ հաւաքոյթ-ճաշկերոյթ

Գանատայի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ օրերս Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցած հաւաք-ճաշկերոյթ մը։ 

Ստորեւ ատոր մասին հրապարակուած լուրը՝

ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» Մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի, 12 Օգոստոս, 2025-ին Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հաուայական ճաշկերոյթ մը: 

Յանձնախումբի պատասխանատու՝ ընկհ. Երան Պանգեանի բացման խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւն: 

Ներկաներուն հրամցուեցաւ խորոված, բիազ, տապկուած գետնախնձոր, հոմոս եւ աղցան, եւ ձմերուկ:

Առաւօտեան սուրճին հետ հրամցուեցաւ կրկնեփուկ:

Ճաշէն ետք յանձնախումբի ընկերուհիները եւ ներկաներէն մաս մը Հաուայիական տարազներ հագուած պարեցին եւ լաւ ժամանակ անցուցին խանդավարելով ներկաները: Շնորհակալութիւն Ընկհ. Սալբի Դաւիթեանին, որ տրամադրեց Հաուայիական զարդարանքները եւ տարազները: 

Տեղի ունեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

Յատուկ շնորհակալութիւն բոլոր նուիրատուներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք մաս կազմեցին այս ձեռնարկին: 

Ներկաները շատ հաճելի ժամանակ անցուցին, ինչպէս նաեւ վայելեցին յանձնախումբին պատրաստած համեղ ճաշերը ու գոհունակ սրտով եւ շնորհակալական խօսքերով մեկնեցան հայ կեդրոնէն։

Վարձքը կատար յանձնախումբի բոլոր ընկերուհիներուն, որոնք ինչպէս միշտ ճիգ չեն խնայեր ձեռնարկը յաջողցնելու եւ յատուկ գուրգուրանք ցուցաբերելու բոլոր ներկաներուն: