image

Արեւմտահայաստանն ու Նեւրիկը (4). Վան եւ Մուշ

Արեւմտահայաստանն ու Նեւրիկը (4). Վան եւ Մուշ

_Պրաւօ՛ Մարալ, Աստղիկ, Լենա եւ Տիգօ: Դո՛ւք կրցաք անտեսել տեղացի ոստիկանը  եւ քաջաբար մոմերը վառած պահեցիք: Որքա՜ն ինք խստացաւ, այդքա՛ն դուք ամրացաք: Որքա՜ն ինք պոռաց, այդքա՛ն դուք բարձր հնչեցուցիք «Տէր Ողորմեան»: Եթէ Յովհաննէս Թումանեան՝ «Ա՜խ Թամար»ին հեղինակը, ականատես ըլլար եկեղեցւոյ այժմու վիճակին ու այսօրուան պատահարին, վստահ եմ, որ իր արցունքներովը պիտի յօրինէր «Ա՜խ, Ս. Խաչ» բանաստեղծութիւնը: 

 

 Վանայ բերդը

  Ես Կու գամ անցեալէն եւ ինծի հետ բերած եմ Խրիմեան Հայրիկին «Թուղթէ շերեփը», Գուրգէն Մահարիին՝ «Այրուող Այգեստաններ վէպը» ու թեւիս տակ ծրարած եմ Վանի մէջ հրատարակուած բազմաթիւ թերթերուն տրցակը: 

  Մինչ կը բարձրանամ Վանայ բերդը, կը զմայլիմ շուրջս պատկերուող գեղեցկութեամբ: Կը մտաբերեմ ժողովրդական ասոյթներ. «Վանը տեսնեմ, ապա մեռնիմ», «Վանը այս աշխարհում է, դրախտը՝ այն»...: Բերդը եզերող Այգեստանը՝ հրաշք դաշտավայրը եւ անոր ետին Վանայ կաս- կապոյտ, ջինջ ու անաղարտ ծովը, կարծես հրեշտակային հիւսուածք մը կը ներկայացնեն, եդեմային կրկնապատկեր մը եւ կամ դրախտին արտացոլումը: Դէմ յանդիման կը գտնուիմ աննկարագրելի Հզօրութեան մը հետ:  Այս հաստ ու ամրակուռ պարիսպները եւ շրջակայ տարածքը կը պատմեն պատուաբեր ու նոյնքան ցաւոտ անցեալ մը՝ Վանի հերոսամարտը, Հայու պայքարի ոգին, յաղթանակներն ու յուսախաբութիւնները...: Կ'ափսոսամ, որ երբեմնի հայապատկան այս վեհութիւնը, այսօր խլուած, ամայի ու օտարինն է։ Վեր բարձրացող ոտնաքայլերուս հետ վայրին հմայքը կ'ուռճանայ, իսկ ցաւը  կը ստուարանայ սիրտիս մէջ:

 

Մուշ

  Ականջիս կը հնչէ. «Մշոյ Սուլթան Ս. Կարապետ, ձեզի լինի պահապան...»: Այս երգը պահպանիչ աղօթքի  նման կ'երգուէր, երբ Հայ Ֆետային կը զինուէր...: 

  Թրքերէնով Էրմենի Քիլիսէսի (հայ եկեղեցի) ցուցատախտակը կը դիմաւորէ մեզ եւ կ'ուղղէ դէպի ասֆալտապատ զառիվերը: Հանրակառքը կանգ կ'առնէ ցից զառիվերին աւարտին ու մենք անհամբեր ոգեւորութեամբ մը կ'իջնենք վար: Յանկարծ մեր դիմաց կը յայտնուին մեծաթիւ խումբով  քիւրտ երեխաներ, որոնք  կը պլլուին մեր ոտքերուն եւ ականջ խլացնելու չափ կը կրկնեն. «Փարա, փարա, փարա, փարա...»: Կը կարծեմ, թէ այս մուրացիկ  «վոհմակին» մէջէն անցնելով պիտի յառաջանանք  ու հասնինք Ս. Կարապետ վանքին համալիրը: Ուժգին ապտակի նման կ'իմանամ, որ արդէն իսկ մենք վանքին տարածքին մէջ ենք: Կովերը իրենց թրիքին հոտով, կտկտացող  հաւերը մոխրագոյն փետուրներով, մխացող ձարխոտին խուրձերը, հնամաշ լուացքի պարանները... դարձած են հարիւրամեայ «տէրերը» Վանքին։ Ո՞ւր է փառքդ, ո՜վ Ս. Կարապետ՝  մուրատատուր վանք: Ո՞ւր անհետացած ես Արեւմտահայաստանի ամենամեծ ու նուիրական սրբավայրը:  Ի՞նչ խիղճով մասնատեցին, քանդեցին  եկեղեցիներու եւ ուխտավայրերու ամբողջութիւնդ: Ցաւօ՜ք. հսկայ համալիրէդ  մնացած է ճղճիմ քարակոյտ մը հոս, կիսափուլ կամար մը հոն, տձեւ  քարադէզ մը հեռուն, որոնք կը պատմեն սգալի ներկադ եւ չքացած հզօրութիւնդ: Չորս դիս փնթի, անճաշակ, անծեփ քարերով ու ժանգոտ թիթեղներով  շինուած «տնակներ», որոնց մէջ կ'ապրին բազմաթիւ քիւրտ ընտանիքներ: Աչքերս ընդվզումով կը պոռան...: Սա տնակ կոչեցեալին ճակատին երկու քարերը մեր տաճարին խաչքարերն են: Հոս խորանի կամարաձեւ քար մը, հոն հայատառ եկեղեցական արձանագրութիւն մը…«խոնարհաբար» նստած են այս կամ այն տնակին կողին, գագաթին կամ յատակին: Տղեկ մը կը մօտենայ ամուսինիս եւ քանի մը փարայի փոխարէն ցոյց կու տայ տնակ-խլեակի մը մէջ եկեղեցւոյ մը խորանը, որ իբրեւ իշու նստավայր՝ ախոռ կը գործածուի: 

  Ըստ աւանդութեան, այս հզօր կառոյցին  շինարարութիւնը կը վերագրուի Գրիգոր Լուսաւորիչին, որուն աճիւնները կը հանգչին Ս. Կարապետ մատրան տակ: Կը սարսռամ շուրջս տիրող խորշելի երեւոյթներէն: Ինչպէ՞ս հին փառքն ու ահաւոր ներկան բերեմ մէկ յայտարարի տակ...:

  Կրկին Նեւրիկը կը զարթնի մէջս ու իր ցաւը կը պատմէ. «Եթէ լաւ դիտէք քրտական այս տնակներուն վրայ տեղադրուած խաչքարերուն մասունքները եւ հայատառ արձանագրութիւնները, որոնց համատեղութիւնը խորթ եւ անընդունելի է, կը հասկնաք, թէ ինչո՛ւ Հայ զաւակներս հեռու պահեցի Շեֆքէթէն: Արցունքներովս խզեցի անհամատեղելի «եղբայրական» կապը...: 

  Մեր ութօրեայ ուխտագնացութեան ընթացքին, ամէնուրեք ցաւ, ընդվզում եւ  նողկանք ապրեցայ, բայց Ս. Կարապետ վանքին  պատճառած ցաւը ահաւոր էր: Ո՛չ միայն սիրտս մղկտաց, ապա մարմինս ալ հիւանդացաւ...: 

  Կ'այցելենք Մշոյ երբեմնի հայկական թաղամասը, ուր մեզ կը դիմաւորեն անհրապոյր թիթեղապատ խրճիթները: Ոչինչ հայկականութիւն կը բուրէ, բացի՝ Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցիէն (Աննէ Մարի Քիլիսէսի): Այս ալ կիսափուլ, խորտակուած պատերով, առանց գմբէթի ու առաստաղի: Բաց է բոլորին դիմաց. ո՛չ դարպաս, ո՛չ ալ դուռ: Ներս կրնաս մտնել որեւէ տեղէ, բացուածքէ  կամ կամարէ: Մացառոտ յատակը քեզ կ'ընդունի իր փուշերով: Ափսո՜ս, ներքին լերկ տարածքին մէջ ո՛չ մէկ երեւոյթ կայ Հայ Եկեղեցին յիշեցնող...: «Մարիամ Աստուածածին եկեղեցի» առանց  Աստուածամօր ներկայութեան...: Ան, որ փրկուած էր Հերովդէսին սուրէն, չէր կրցած փրկուիլ Թուրքին եաթաղանէն...

 

Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...