image

«Սուայտա»ի Տիւրզիները անկախութիւն կը պահանջեն

«Սուայտա»ի Տիւրզիները անկախութիւն կը պահանջեն

Սուրիոյ Սուայտա նահանգի հարիւրաւոր բնակիչներ իջած են փողոց՝ պահանջելով ինքնորոշման իրաւունք եւ դատապարտելով յուլիսին տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած կրօնական բռնութիւնները։

Ինչպէս հաղորդած են համաշխարհային լրատուամիջոցները, ըստ Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանին, 13 յուլիսին, տիւրզիներու եւ սիւննի պետեւիներու միջեւ բախումները վերածուած են լայնածաւալ արիւնահեղութեան, որուն հետեւանքով զոհուած է մօտ 1,600 մարդ, որոնցմէ զգալի մասը տիւրզի քաղաքացիական անձեր եղած են։

Տիւրզիի խմբաւորումներու ներկայացուցիչները կը մեղադրեն Սուրիոյ իշխանութիւնները պետեւիներուն աջակցելու եւ քաղաքացիական բնակչութեան նկատմամբ բռնութիւններ գործադրելու, անոնց կարգին՝ արտադատական մահապատիժներու մէջ։ Իշխանութիւնները կը պնդեն, որ իրենց գործողութիւնները նպատակաուղղուած էին բացառապէս ռազմական գործողութիւններու դադրեցման։

Սուայտայի բողոքի ցոյցը քաղաքական բնոյթ ստացած է։ Ցուցարարներէն քանի մը հոգի  Իսրայէլի դրօշներ ծածանեցուցած են եւ կարգախօսներ վանկարկած Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի դէմ։ Պաստառներուն վրայ գրուած էր. «Ինքնորոշման իրաւունքը սրբազան իրաւունք է Սուայտայի համար» եւ «Յորդանան, բացէք միջանցք օգնութեան համար»։

Suwayda 24 տեղական հեռատեսիլային ալիքի ուղիղ եթերով կիներէն մէկը ըսած է, որ բնակիչները չեն ցանկար ինքնակառավարում կամ դաշնութիւն, այլ կը ձգտին լիակատար անկախութեան։